Անցածը վատ շաբաթ մըն էր Ողջակիզումը ուրացողներուն համար։ Կը խօսիմ անոնց մասին, որոնք կամովին կ՚ուրանան օսմանցի թուրքերուն կողմէ մէկուկէս միլիոն քրիստոնեայ հայերուն ցեղասպանութիւնը 1915ին։ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացուց օրինագիծ մը, որ ոճիրի համազօր յանցանք կը համարէ հայերուն ցեղասպանութեան ենթարկուած ըլլալը ուրանալը։ Եւ շուրջ մէկ ժամուան տարբերութեամբ, Թուրքիոյ ամէնէն անուանի գրող Օրհան Փամուքը, որ տակաւին նոր անպարտ արձակուեցաւ թրքական ատեանի մը կողմէ՝ շուէտական թերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին հայկական ջարդերուն մասին արտայայտութիւն մը ունենալուն համար «թրքութիւնը» վարկաբեկելով ամբաստանուած ըլլալէն ետք, շահեցաւ գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը։ Սուրիոյ անապատներուն եւ հարաւային Թուրքիոյ հողին տակ թաղուած հազարաւոր հայերուն հոգիները որոշ հանգստութիւն գտան թերեւս։
Մինչ Թուրքիա կը շարունակէ ոչնչաբանել իր անմեղութեան մասին՝ պատճառաբանելով, որ հարիւր հազարաւոր հայ տղամարդոց ծրագրուած սպանութիւնը եւ կիներուն հաւաքական բռնաբարումները «քաղաքացիական պատերազմ»ի մը հետեւանքն էին, Վահագն Տատրեանին նման հայ պատմաբաններ կը շարունակեն նոր ապացոյցներ յայտնաբերել այդ կանխածրագրուած Ողջակիզման վերաբերեալ (այո՛, կ՚արժէ գլխագիրով գրել, որովհետեւ անիկա ուղղակի նախընթացն էր հրէական Ողջակիզման, որուն ծրագրողներէն ոմանք Թուրքիոյ մէջ կը գտնուէին 1915ին), գերեզման փորողի մը ամբողջ ուժով։
Հայերը սպաննուեցան եաթաղաններով, թուրերով, մուրճերով եւ կացիններով՝ զինամթերք խնայելու համար։ Ծրագրուած կերպով խումբ-խումբ հայեր, մեծ մասամբ կիներ եւ երեխաներ, խեղդուեցան Սեւ ծովուն եւ Եփրատ գետին մէջ։ Եփրատի մէջ խեղդուած դիակները այնքան շատցան, որ գետը իր ուղղութիւնը փոխեց շուրջ կէս մղոն երկարութեան վրայ։ Բայց Տատրեան, որ կը տիրապետէ թրքերէնին, վերջերս յայտնաբերած է, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր նաեւ ողջակիզուած են մարագներու մէջ։
Անոր ձեռքը անցած է Ա. Աշխարհամարտէն ետք կարճ ժամանակուան համար թրքական զանգուածային սպանութիւնները քննած թրքական զինուորական ատեանին մէջ ներկայացուած վկայագիր մը, որ կը բաղկանայ թրքական երրորդ բանակի հրամանատար զօրավար Մեհմէտ Վեհիպ փաշային գրչին պատկանող փաստաթուղթէ մը։ Ան կը վկայէ, որ երբ հասած է հայկական Չուրիկ գիւղը, հոն գտած է այրած դիակներով լեցուն տուներ, որոնք այնքան խիտ կերպով լեցուած էին, որ բոլոր դիակները ուղղահայեաց վիճակի մէջ էին։ «Իսլամութեան ամբողջ պատմութեան մէջ,- կը գրէ զօրավար Վեհիպ,- կարելի չէ գտնել այդ վայրենութեան համազօր դէպք մը»։
Հայկական Ողջակիզումը, որ աննշելի է այսօրուան Թուրքիոյ մէջ, գաղտնիք մը չէր երկրին բնակչութեան համար 1918ին, երբ տրուեցաւ այդ վկայութիւնը։ Միլիոնաւոր իսլամ թուրքերը ականատես վկաներն էին հայերուն զանգուածային տեղահանումներուն, որոնք գործուեցան ատկէ երեք տարի առաջ. քիչեր միայն անսահման յանդգնութեամբ պաշտպանեցին իրենց հայ դրացիներն ու բարեկամները՝ իրենց սեփական իսլամ ընտանիքներուն կեանքերը վտանգելու գնով, եւ 19 Հոկտեմբեր 1918ին թրքական ծերակոյտին կողմէ ընտրուած եւ նախապէս ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ իրագործած երիտասարդ թուրքերուն համախոհ Ահմէտ Ռիզա իր նախագահական պաշտօնի ստանձնման ելոյթին մէջ նշեց. «Պէտք է ընդունինք, որ մենք՝ թուրքերս վայրենաբար (վահշիանի՝ թրքերէնով) սպաննեցինք եւ ոչնչացուցինք հայերը»։
Տատրեան մանրամասն կը նկարագրէ, թէ ի՛նչպէս երկու զուգահեռ օրէնքներ կը հրապարակուէին, նացիական ոճով, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային կողմէ։ Հրահանգներուն մէկ տարբերակը հոգատարօրէն կը հրահանգէր թուրք պատասխանատուներուն, որ հաց, ձիթապտուղ եւ պաշտպանութիւն ապահովեն հայ տեղահանուածներուն համար, իսկ միւս տարբերակը կը հրահանգէր՝ «իրագործեցէք ձեր առաքելութիւնը», անմիջապէս որ տեղահանուածները բաւարար չափով հեռանային ժողովրդային կեդրոններէն, որպէսզի կարելի եղածին չափ փոքրաթիւ վկաներ ըլլային սպանութիւններուն։ Թուրք ծերակուտական Ռեշիտ Աքիֆ փաշա 19 Նոյեմբեր 1918ին հետեւեալը վկայեց. «Եւ ի՞նչ էր այդ «առաքելութիւնը». յարձակո՞ւմ գործել կարաւաններուն վրայ եւ սպաննե՞լ ժողովուրդը։ Ես կ՚ամչնամ իբրեւ իսլամ։ Ես կ՚ամչնամ իբրեւ օսմանցի պետական անձնաւորութիւն։ Այդ ի՞նչ արատ էր, որ ոճրագործները դրին Օսմանեան կայսրութեան համբաւին վրայ»։
Ինչ արտառոց է, որ թուրք պատասխանատուներ այդպիսի իրականութիւններ խօսած են 1918ին, իրենց իսկ խորհրդարանին մէջ ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ թրքական օրաթերթերու մէջ կարդացած են խմբագրականներ՝ այդ քրիստոնեայ ժողովուրդին դէմ գործուած ահաւոր ոճիրներուն մասին։ Սակայն որքան աւելի արտառոց է այն, որ անոնց յաջորդները այսօր կ՚ըսեն, թէ այդ բոլորը առասպելներ են, եւ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ ան, որ կը նշէ, թէ 1918ի պատասխանատուները կ՚ընդունէին Ցեղասպանութիւնը, կրնայ դատավարութեան ենթարկուիլ տխրահռչակ 301րդ յօդուածին տակ Թուրքիան «վարկաբեկելու» յանցանքով։
Վստահ չեմ, եթէ Ողջակիզում ուրացողները, ըլլան անոնք հակահայ կամ հակահրեայ, պէտք է դատի տրուին իրենց պոռոտախօսութիւններուն համար։ Տէյվիտ Ըրվինկը յատկապէս տհաճ «մարտիրոս» մըն է խօսքի ազատութեան, եւ երբեք վստահ չեմ, որ «Լը Մոնտ»ի 1993 Նոյեմբերի թիւին մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար Պեռնար Լուիսին սահմանուած տուգանքը աւելին իրագործեց, քան՝ քարոզչութիւն հանդիսանալը տարեց պատմաբանի մը, որուն գործը հետզհետէ կը փճանայ տարիներու ընթացքին։
Սակայն երախտագիտութեամբ կ՚ընդունինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքը եւ իր ներքին գործոց նախարար Նիքոլա Սարքոզին յայտարարած են, թէ Թուրքիա պէտք է ընդունի հայերուն սպանութիւններուն ցեղասպանութիւն ըլլալը նախքան Եւրոպական միութեան անդամակցիլը։ Ճիշդ է, որ Ֆրանսայի հայկական գաղութը կը հաշուէ շուրջ կէս միլիոն եւ բաւական ազդեցիկ է, սակայն այդպիսի յանդգնութիւն չէ ցուցաբերուած Քութ Ամարայի լորտ Պլէրին կողմէ, ոչ ալ ինքնին Եւրոպական միութեան կողմէ, որ անսիրտ եւ մանկական ձեւով առարկեց, թէ ֆրանսական այդ օրէնքը, Փարիզի Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուելէն ետք, կրնայ «արգիլել երկխօսութիւնը», որ անհրաժեշտ է Թուրքիոյ եւ արդի Հայաստանի միջեւ հաշտութեան մը կայացման համար։ Ի՞նչ է այդ առարկութեան ենթահողը՝ կը մտածեմ։ Չխօսինք հրէական Ողջակիզման մասին, որովհետեւ կրնանք խափանել Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի հրեաներուն միջեւ «հաշտութիւնը»։
Բայց յանկարծ անցեալ շաբաթ հայկական այդ հաւաքական գերեզմանները բացուեցան իմ սեփական աչքերուս առջեւ։ Եկող ամիս իմ թուրք հրատարակողներս պիտի արտադրեն գիրքիս՝ «Քաղաքակրթութեան համար մեծ պատերազմը» թրքերէն թարգմանութիւնը եւ ամբողջական ձեւով, ներառեալ՝ «Առաջին Ողջակիզումը» վերնագիրով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ծաւալուն գլուխը։ Հինգշաբթի (12 Հոկտեմբեր) ֆաքս մը ստացայ Պոլսոյ «Ակորա պուքս» հրատարակչատունէն, ուր կը նշուէր, թէ անոնց փաստաբանները կը հաւատային, որ «քրէական գործ կրնար յարուցուիլ հրատարակչատան դէմ, 301րդ յօդուածին տակ», որ կ՚արգիլէ Թուրքիան վարկաբեկելը, եւ որ աջակողմեան փաստաբանները փորձեցին օգտագործել Փամուքին դէմ։ Բայց, դիտել տուած էին փաստաբանները, իբրեւ օտարազգի, ես «անձեռնմխելի» էի, սակայն եթէ կը փափաքէի, կրնայի դատարան դիմել՝ ներառնուելու համար որեւէ դատավարութեան մէջ։
Անձնապէս, կը կասկածիմ, որ Թուրքիոյ մէջ Ողջակիզումը ուրացողները պիտի յանդգնին ձեռք երկարել մեր վրայ։ Սակայն եթէ փորձեն, պատիւ պիտի զգամ իմ թուրք հրատարակիչներուս կողքին ամբաստանեալի աթոռէն դատապարտելու Ցեղասպանութիւնը, որ նոյնիսկ արդի Թուրքիոյ հիմնադիր Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթուրքին կողմէ դատապարտուած էր։
«ՏԻ ԻՖՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»
14 Հոկտեմբեր