ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, թէ վերջին իրադարձութիւնը ընդհանրապէս որեւէ կապ չունի Արցախի հետ: «Անիկա բոլորովին այլ շրջանի մէջ է` հայ-ատրպէյճանական սահմանին: Իսկապէս մենք կը ցաւինք զոհերուն համար», նշեց ան:
Փութին դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը կարելի եղած է դադրեցնել առաջին հերթին Ռուսիոյ աջակցութեամբ եւ ազդեցութեամբ:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած վիճակը քննարկումի նիւթ եղաւ նաեւ Ռուսիոյ նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին միջեւ հանդիպումին ընթացքին։
«Մեզ բոլորս կ՛անհանգստացնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի սրումը: Մենք այդ մասին խօսած ենք: Երէկ խօսեցայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ. ես ձեզ այդ մասին տեղեկացուցած եմ: Լաւ է, որ համակարգուած ջանքերով կարելի եղաւ սրացումը դադրեցնել, բայց, ինչպէս կը հասկնամ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Ուրախ եմ, այդ հանդիպումին համար, որ առիթ է խօսելու այդ բոլոր հարցերուն մասին», ըսաւ Փութին։
Իլհամ Ալիեւ ըսաւ, թէ Երեւան եւ Պաքու լայնածաւալ սրացման մտադրութիւն չեն ունեցած: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի՝ սահմանային սրացման արձագանգելնուդ համար: Բախումները տեւեցին ութ ժամէն ալ քիչ, անոնք դադրեցուեցան, թէեւ հայկական կողմը սկիզբը չէր պահպաներ զինադադարը, բայց ընդհանուր առմամբ շուրջ երկու օրէ ի վեր` անիկա կը պահպանուի: Այս կը վկայէ, որ ո՛չ Հայաստան ոչ ալ Ատրպէյճան լայնածաւալ սրացման մտադրութիւն ունեցած են: Դժբախտաբար, սահմանային հակամարտութիւններ տեղի կ՛ունենան: Անոնք երկու կողմէն ալ բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն: Բայց կարեւորը այն է, որ մենք յաջողեցանք կայունացնել իրավիճակը եւ զայն տեղափոխել խաղաղ հունին»:
Սահմանային կացութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հակառակ ներկայիս սահմանին վրայ տիրող յարաբերական հանգիստին` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ատրպէյճանական յարձակումին պատճառով իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:
Անոնք քննարկեցին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ուղղուած Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ ընդունուած որոշումներու իրականացման կարելիութիւնը: