ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀԱՊԿի առաքելութեան առաջատար խումբը, կազմակերպութեան Միացեալ շտաբի պետ զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովի գլխաւորութեամբ՝ կը շարունակէ աշխատանքը Հայաստանի մէջ։
Սիտորով հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինի եւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան պետ, զօր. Ռոման Քոլուպիցքիի հետ:
Տեղի ունեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակին եւ անոր կարգաւորման վերաբերող քայլերու հանգամանալից քննարկում:
«Երեւանի մէջ յատուկ կարեւորութիւն կու տան ՀԱՊԿի առաքելութեան եւ յոյս ունին, որ ՀԱՊԿն կարեւոր դեր կը խաղայ իրադրութեան կայունացման եւ իրավիճակի սրումը կանխելուն ուղղուած քայլերու ձեռնարկելու առումով», յայտնեց Քոփիրքին։

Զօր. Քոլուպիցքի խօսեցաւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակին մասին եւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահ վարչութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ իրավիճակը կը շարունակէ կայուն լարուած մնալ: «Այսօրուան դրութեամբ՝ առաւել հանգիստ հատուածները, անշուշտ, հայ-թրքական եւ հայ-իրանեան սահմաններն են», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ համագործակցելով Հայաստանի զինուած ուժերու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ, կը ձգտին ապահովել սահմանային ապահովութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:
Ան Սիտորովիի ցոյց տուաւ Հայաստանի արեւելքը տեղակայուած ռուսական սահմանապահ յենակէտը՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն ռմբակոծելու պատկերները։ «Երկյարկանի շէնքին մէջ, նախկին պահակակէտին մէջ տեղակայուած էր 15 հոգիէ բաղկացած Սոթք սահմանային անցակէտը: Ռմբակոծման սկսելէ ետք մարդիկ առաջին յարկին միջանցքին մէջ պահուըտեցանք. ոեւէ անձ չվիրաւորուեցաւ: Փաստօրէն, կրակոցի ատեն անձնակազմը կրցաւ դուրս գալ յենակէտէն, սակայն ամբողջ ունեցուածքը, սարքերը կարելի չեղաւ դուրս բերել», յայտնեց զօր. քոլուպիցքին։