ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսիս պապը կիրակնօրեայ իր պատգամին մէջ աղօթեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մարտերու զոհերուն համար՝ երկխօսութեան եւ խաղաղութեան կոչ ուղղելով:
Ան նաեւ կոչ ուղղեց՝ պահպանելու հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ զինադադարի համաձայնագիրը: Այս մասին հաղորդեց «Թասս» լրատու գործակալութիւնը:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վերջին բախումներուն մասին հաղորդումները ինծի շատ ցաւ պատճառեցին: Իմ հոգեւոր մտերմութիւնս կը յայտնեմ զոհուածներու հարազատներուն եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ՝ յարգելու զինադադարի դրութիւնը: Խաղաղութիւնը կարելի է, երբ անոնք մէկ կողմ դնեն իրենց զէնքերը եւ երկխօսութեան մէջ ըլլան», յայտարարեց պապը:
Ան նաեւ ըսած է, որ կը շարունակէ աղօթել ուքրանացի տառապեալ ժողովուրդին եւ «պատերազմի պատճառով արեամբ լեցուած որեւէ հողի խաղաղութեան համար»:
Պապը նաեւ յայտնեց, որ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է եւ պէտք է միշտ պահպանուի իբրեւ փոխըմբռնման եւ խաղաղութեան ճամբայ: «Երկխօսութեան կարելիութիւնը պէտք է բոլորին տրուի, որովհետեւ միշտ կայ երկխօսութեան միջոցով բան մը փոխելու կարելիութիւն, երկխօսութեան ժամանակ կարելի է այլ տեսակէտ ներկայացնել, այլապէս պիտի փակենք դէպի խաղաղութիւն տանող վերջին դուռը», հաստատեց Ֆրանսիս պապը: