
ԼՈՒՍԻՆ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ*
Յօդուածին անգլերէն բնօրինակը հրատարակուած է WND.com-ի մէջ, իսկ Զարմիկ Պօղիկեանի կողմ կատարուած հայերէնի թարգմանութիւնը կը հրատարակենք կայքի խմբագրութեան արտօնութեամբ։
Անգարայէն ղեկավարուող փանթրքական կայսրութեան ստեղծման Թուրքիոյ նկրտումները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն նաեւ ներկայ Կովկասի մէջ եւ այլուր։
Ցեղապաշտութեան ջատագով այս գաղափարախօսութիւնը կը նախատեսէ հիմնել կայսրութիւն մը, որ կը ներառնէ թրքախօս իւրաքանչիւր երկիր կամ տարածաշրջան, անկախ թէ տուեալ երկրի լեզուն որքանո՞վ հեռու է Թուրքիոյ մէջ խօսուող լեզուէն, կամ թէ այդ շրջաններու ժողովուրդը որքանո՞վ համաձայն է նման կայսրութեան մը ստեղծումին: Այս սկզբունքը եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական տարրը։
Այս ծրագրի իրականացման ճամբուն կանգնած քրիստոնեայ Հայաստանը, որ քաղաքականութեան բնօրրան կը համարուի։ Աստուածաշնչեան աւանդոյթին համաձայն, Նոյեան Տապանը հանգչած է Հայաստանի պատմական խորհրդանիշին՝ Արարատ լեռան գագաթին։ Հայոց լեզուն կը նկատուի հնդեւրոպական մայր լեզուներէն մէկը (չըսելու համար՝ հիմնականը)։ Հայաստանի ժողովուրդը ոչ-թրքական ցեղ է։
Փանթուրքիզմը հիմնական դրդապատճառն էր օսմանեան Թուրքիոյ՝ 1914ին Համաշխարհային Ա․ պատերազմին մէջ ներքաշուելու, Դաշնակիցներուն դէմ:
Օսմանեան Թուրքիան ոչ միայն կը ձգտէր ընդարձակել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միջին արեւելեան իր կայսրութիւնը, այլեւ կը ջանար տարածուիլ դէպի արեւելք եւ իր սահմաններուն մէջ ներառել այս յօդուածին կից հեղինակային քարտէսին մէջ պատկերուած բոլոր տարածաշրջանները (որոնցմէ շատերը, այդ օրերուն, նոյնիսկ երկիրներ չէին): Փանթուրքիզմի առանձնայատկութիւնը պիտի համարուէր այլազան երկիրներու, յատկապէս՝ թրքալեզուներու, աշխոյժ ներգրաւումը Թուրքիոյ գաղափարական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական ազդեցութեան ոլորտ։
Օսմանեան Թուրքիան փանթրքական իր նպատակին հասնելու համար կը ծրագրէր արմատախիլ ընել Թուրքիա կոչուող տարածքին մէջ ապրող բնիկ քրիստոնեայ ազգերը, այսինքն՝ հայերը, ասորիներն ու յոյները: Վերջինները այդ հողերուն վրայ բնակած էին եւ պետութիւններ ստեղծած հազարաւոր տարիներ առաջ, նախքան թրքական եկուոր ցեղերուն Կեդրոնական Ասիայէն եւ Մոնկոլիայէն ժամանումը եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը՝ 1453ին։
Փանթուրքիզմը Թուրքիոյ հիմնական մղիչ ազդակն էր 1915-1923ականներուն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը իրագործելու համար: Թուրքիա կը ձգտէր միատարր դարձնել ու թրքացնել իր կայսրութիւնը: Այս նպատակին հասնելու համար միլիոնաւոր բնիկ քրիստոնեաներ խոշտանգումներու ենթարկուեցան, մորթուեցան, առեւանգուեցան, հարճերու վերածուեցան եւ բռնի իսլամացուեցան: Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ թուրք բռնապետ Քեմալ Աթաթիւրքի օրօք, համաշխարհային Ա․ պատերազմէն ետք։ Ան հրամայեց իր զօրավարներուն «Հայաստանը քանդել քաղաքականապէս եւ ֆիզիքապէս»։
Թուրքիոյ եւ իր գործընկեր Ատրպէյճանի ցեղասպանական նպատակները գաղտնիք չեն։ Այդ տրամադրութիւնները այսօր իրենց արձագանգը կը գտնեն թուրք բռնակալ Էրտողանի եւ ազերի միապետ Ալիեւի մօտ․ անոնք կը ջանան վերացնել թրքական այս երկու պետութիւններուն միջեւ որպէս պատնէշ կանգնած Հայաստանը: Այսօր, քրիստոնեայ Հայաստանը (որուն բնակչութիւնը 3 միլիոնէն նուազ է) կը հանդիսանայ Թուրքիոյ (86 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) եւ թրքալեզու Ատրպէյճանի (10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) յարձակողապաշտութեան թիրախը, այնպէս ինչպէս էր՝ համաշխարհային Ա․ պատերազմի ընթացքին։
Լիպիացի լրագրող Ալաատտին Սալեհ փանթուրքիզմի սպառնալիքին մասին կը գրէ․ «Անգարա կը ձգտի շահագործել Պաքուի հետ դաշինքը, տարածաշրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդելու համար՝ փորձելով վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւնները համարկել հարթ տարածութեան մը մէջ՝ զինուած միացեալ ուժերու տեղաւորումով»:
Փանթուրքիզմի ազդեցութիւնը, սակայն, չի սահմանափակուիր Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հայաստանի վրայ․ Այս իմաստով ակադեմիկոս Տիմիթրիոս Արիստոպուլոս կը գրէ․«Թուրքիոյ ներթափանցումը Լիպիա, ինչպէս նաեւ Սուրիա, անոր յաւակնութիւնները Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի տնտեսական գօտիներու նկատմամբ նոյնպէս մաս կը կազմեն փանթուրքիզմի քաղաքական օրակարգին»։

Թուրքիան ուղղակի ելք չունի դէպի Ատրպէյճան, Կասպից ծով եւ Կեդրոնական Ասիա։ Հայաստան կը խոչընդոտէ։ Վերջինս տնտեսապէս խեղդելու ակնկալութեամբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Խորհրդային Միութեան լուծարումէն անմիջապէս ետք փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները։ Այս շրջափակումը մասամբ օրհնութիւն էր Հայաստանի համար․ Թէեւ անիկա կ՛արգիլէր բեռնափոխադրութիւնը դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս նշեալ երկիրներուն ճամբով, սակայն, թոյլ չէր տար, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կործանարար գործունէութիւն ծաւալեն Հայաստանի դէմ:
Վրաստան եւ Իրան ներկայիս կը ծառայեն որպէս թրքական երթուղիներ դէպի Ատրպէյճան եւ անկէ անդին, բայց անոնք կը մնան անուղղակի ճամբաներ:
2020ին, Ատրպէյճան, Թուրքիոյ տնօրինումով, յարձակում սանձազերծեց ոչ միայն Արցախի ինքնավար մարզին, այլեւ Հայաստանի վրայ։ Թուրքիա այս նախայարձակման համար տրամադրած էր կառավարման համակարգ, զինամթերք, զօրք, «Իսլամական պետութեան» եւ այլ զինեալ ահաբեկիչներ։ Ատրպէյճան ստացած էր նաեւ ամերիկեան F-16 օդանաւեր եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր։ Յարձակումներու տեսանելի նպատակը ներխուժելով յաղթելն էր, տիրանալու պատմականօրէն հայկական այն տարածքին, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ), եւ որուն կարելի չէր տիրանալ դիւանագիտութեամբ կամ պատմական բացարձակ փաստերով: Բայց մտադրութիւնը շատ աւելին էր եւ կը ներառնէր Հայաստանի տարածքներու գրաւում, որպէսզի աշխարհագրականօրէն Թուրքիան կապէր Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին միջոցով, որ ծանօթ է նաեւ որպէս Զանգեզուրի շրջան: Սիւնիքը Հայաստանը կը կապէ Իրանին, Ատրպէյճանին եւ Նախիջեւանին։
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իրենք զիրենք «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կը համարեն, սակայն 2019ին Էրտողան իր իսկական մտադրութիւնը յայտնեց, երբ յայտարարեց. «Այս նպատակին հասնելու հիմնական գործիքը 2009ին ստեղծուած Թրքական խորհուրդն է, որ միացուցած է թրքական աշխարհի բոլոր (բացառութեամբ Թիւրքմենստանի) ժամանակակից ներկայացուցիչները։ Մինչեւ այսօր մենք կ՛ըսէինք «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն»։ Երէկ ես յայտարարեցի, որ մենք դարձած ենք մէկ ազգ 5 պետութիւն»։
Ալիեւ նոյնիսկ կը պնդէ, որ Երեւանը, Սեւանայ լիճը եւ հարաւային Հայաստանը կը պատկանին «հին Ատրպէյճանին»։ Այս անհեթեթ պնդումը կարելի է հերքել պարզապէս ծանօթանալով քարտէսներուն, այդ կարգին՝ հնագոյններուն։ Աշխարհի ողջ պատմութեան մէջ, մինչեւ 1918 Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած։
2020ի ատրպէյճանական ներխուժումէն ետք, ատրպէյճանական զօրքերը շարունակեցին բռնագրաւել Հայաստանի հարաւային որոշ տարածքներ եւ պատանդներ վերցնել՝ նոյնիսկ կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուելէն ետք։
Խաղաղութեան համաձայնագիրը գնահատող վերլուծաբաններու կարծիքով, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող ճանապարհներու ապաշրջափակումը յատկապէս պիտի ծառայէր մէկ նպատակի՝ ապրանքներու փոխանակումին։ Մինչդեռ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտադիր չեն թոյլատրելու Թուրքիոյ ճամբով Հայաստանի անկաշկանդ երթեւեկութեան հասանելիութիւնը Եւրոպա․ 2021ին Ալիեւ ընդգծեց իրենց քարոզարշաւին փանթրքական միտումը, երբ ըսաւ. «Ե՛ւ Թուրքիա, ե՛ւ Ատրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն Զանգեզուրի միջանցքին արդիւնագործման համար․․․ թրքական ամբողջ աշխարհը միացնելու միտումով»:
Փոխադրամիջոցներու կապերը յստակ նպատակի կը ծառայեն։ Միւս կողմէ, «միջանցքները» կրնան շատ աւելին նշանակել։ Հետեւաբար բազմաթիւ այլ պատճառներ կան՝ կասկածով նայելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներթափանցման ծրագրերուն։
2020ին, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմին, նոյնիսկ անոր յաջորդող շրջանին, Ատրպէյճան գրաւեց ինքնիշխան Հայաստանի տարածքներ, փակեց ճանապարհներ, փորձեց ապօրինի կերպով «մաքսեր» կորզել բեռնատարներէ, որոնք ստիպուեցան վերադառնալ իրենց ապրանքներով։
Սեպտեմբեր 13ին, Ատրպէյճան կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։ Թէեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած զինադադարը** ենթադրաբար ուժի մէջ մտաւ երկու օր անց, սակայն ատրպէյճանական ներխուժումները կը շարունակուին, իսկ Հայաստան կը շարունակէ մնալ մինակ՝ առանց որեւէ կողմի ռազմական օգնութեան:
Փանթուրքիզմը ինչ-որ ազնիւ, տեսական նպատակ չէ, այլ կը սպառնայ տարածաշրջանային կայունութեան եւ լուրջ վտանգ է, յարձակողապաշտ եւ տարածուելու ընդունակ: Հետեւաբար Հայոց Ցեղասպանութեան վերսկսման սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է։
Կովկասը վտանգաւոր դրացիութիւն է. Եթէ արեւմտեան բազէները կը ձգտին փանթուրքիզմի միջոցով զսպել Ռուսիան եւ Իրանը, արդեօ՞ք կը կարծեն, որ զայն հետագային կարելի է շրջել, ըստ իրենց ցանկութեան։ Միթէ՞ կարելի է արձակուած ճիւաղը զսպել։ Անկախ այս բոլորէն, ամբողջ շրջանը կրնայ դժոխքի վերածուիլ, եթէ անխոհեմ դերակատարներ փորձեն փոփոխութեան ենթարկել Իրանի սահմանները: Վերջերս, Իրանն ու Ատրպէյճանը յայտարարեցին Արաքս գետին վրայ, սահմանի մէկ կողմէն միւսը, փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան կամուրջի կառուցման իրենց մտադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ատրպէյճանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանին կապել: Եթէ նշեալ կամուրջը կարելի կը դարձնէ այդ կապը, ինչո՞ւ անհրաժեշտ է ուրեմն Հայաստանը գրաւել ու միջանցքի պատրուակով անոր սահմաններէն ներս խուժել։
Եթէ պահ մը ենթադրենք, որ Հայաստան դուրս եկաւ ՀԱՊԿէն (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) կամ հրաժարեցաւ առնչուիլ Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ, այս բոլորը, դէպի ծով ելք չունեցող, շրջափակուած Հայաստանը ազգային ինքնասպանութեան պիտի առաջնորդեն անկասկած:
Հայաստան յայտնուած է ցեղասպանական պատմութիւն ունեցող երկու պետութիւններու միջեւ եւ չի վստահիր Ամերիկայի կամ ՆԱԹՕի երաշխաւորութեան: Թէեւ Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները դարեր շարունակ ջերմ եղած են, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Արեւմուտքը լքած է իր «փոքր դաշնակիցը»՝ Հայաստանը, երբ այդ մէկը հրամայական դարձած է: Տակաւին հաւանական է, որ ՆԱԹՕն յորդորէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ամբողջութեամբ գրաւելու եւ կլանելու Հայաստանը՝ տարածաշրջանը արեւմտեան ազդեցութեան ոլորտ բերելու նպատակով:
Այսպէս, մինչ Արեւմուտքը կը ձգտի սահմանափակել սպառողներու կողմէ ուժանիւթի օգտագործումը, անիկա միաժամանակ կարելիութիւններ կ՛որոնէ այդ նիւթերը ապահովելու այլընտրանքային աղբիւրներէ, ինչպէս օրինակ՝ Ատրպէյճանէն, պոյքոթի ենթարկելով ռուսական մատակարարները եւ իրանական խողովակները: Աշխարհաքաղաքական առումով, Ռուսիա եւ Իրան տապալելու այս փորձը թերի է եւ անհեռատես: Արդեօ՞ք Ատրպէյճանն ու Թուրքիան պիտի կարենան փոխարինել Իրանը կամ ռուսական կազը եւ լոկ իրենց միջոցներով մատակարարել Եւրոպան եւ անկէ անդին (բացառելով Իրանի փոխադրման ծառայութիւններու տնտեսական գօտին)։ Ինչպէ՞ս կարելի է վստահ ըլլալ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը այս միջոցները քաղաքական շահերու խաղաքարտի պիտի չվերածեն։ Միթէ՞ չենք յիշեր, որ Թուրքիա նման քայլ առաւ, երբ Էրտողան սպառնաց իր պահանջները չբաւարարուելու պարագային սուրիացի փախստականները ազատ արձակել դէպի Եւրոպա, յիշենք նաեւ Թուրքիոյ ամբարտակներ կառուցելու բազմաթիւ ջանքերը, որոնք կը միտէին սովի մատնել իր հակառակորդները:
Եթէ Հայաստան կը մտածէ իր տարածքով տնտեսական փոխադրական շարասիւներու առիթ ընծայել, անհրաժեշտ է, որ ռազմական աջակցութիւն ապահովէ՝ առաջքը առնելու Տրովադայի այն ձիերուն, որոնք կրնան նոր բռնագրաւումներ եւ ցեղասպանութիւններ ի գործ դնել: (Հայաստան ինքզինք իրաւունք պէտք է վերապահէ նաեւ երթեւեկութեան համար վճարումներ սահմանելու):
Բայց ովքե՞ր պիտի ըլլան Հայաստանի ռազմական պաշտպանները: Ռուսե՞րը, իրանցի՞ն, թուրքե՞րը, ազերի՞ն, ամերիկացինե՞րը, ՆԱԹՕ՞ն, թէ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը․․․։
Ի դէպ, այս բեմագրութիւնը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ սանձազերծել համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը:
Իրականութեան մէջ, ոչ միայն պատմական տուեալներուն, այլեւ՝ այսօրուան զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ ո՛չ Թուրքիան, ոչ ալ Ատրպէյճանը կրնան Հայաստանի հետ ազնիւ բանակցող ըլլալ։ Երկուքն ալ կը շարունակեն բացայայտօրէն ոչնչացնել հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բոլոր մնացորդները, այդ կարգին՝ խոշտանգելով ռազմագերիներ եւ խաղաղ բնակիչներ, կիրառելով քիմիական արգիլուած զէնք եւ քանդելով իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող եկեղեցիներ, վանքեր, յուշարձաններ ու գերեզմանատուներ:
Այս իսկ պատճառներով, թրքական եւ ատրպէյճանական փոխադրական ճանապարհները պէտք է շարունակեն շրջանցել Հայաստանը։ Հայաստան այլեւս պէտք չէ ըլլայ մէկ կողմէ Ռուսիոյ, միւս կողմէ Արեւմուտքի քաշքշուկին առարկան: Գործնական եւ բարոյական հրամայականը փանթուրքիզմին բացայայտումն է (եւ անոր դէմ դնելը):
Համաձայն ակադեմիկոս Արիստոպուլոսի․ «Հակառակ այն իրողութեան, որ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիա տեսականօրէն հրաժարած է փանթրքական հռետորաբանութենէն՝ յօգուտ «նորօսմանականութեան», գործնականօրէն, սակայն, փանթրքական գաղափարախօսութիւնն է որ կը շարունակէ ուղղել Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը»:
Աւելին՝ Արիստոպուլոսի կարծիքով․ «Իսլամ եղբայրներու իր աջակցութենէն եւ հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն սկսեալ, մինչեւ Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմ, գաղթականներու գծով սպառնալիքներ՝ ուղղուած Յունաստանի եւ Եւրոպայի, տակաւին Արցախի պատերազմ, զուգահեռաբար քիւրտերու հալածանքներ․․․ ոչ այլ ինչ են, քան Թուրքիոյ ծաւալապաշտական քաղաքականութեան վերաբերող փանթրքական ծրագրի օրակարգեր»:
Նոյեմբեր 10, 2016ին, Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան տարելիցի առիթով, Էրտողան բացայայտօրէն յայտարարեց․ «Թուրքիա ներկայ իր տարածքէն աւելի մեծ է»․ ան խօսելով «սրտի սահմաններու» կրօնական իր ուսմունքին մասին հաստատեց․ «Մենք չենք կրնար բանտարկուիլ 780 հազար քառ. քլմ․ի սահմաններուն մէջ, մեր բնական սահմանները կը տարբերին մեր սրտի սահմաններէն։ Մուսուլի, Քերքուքի, Հոմսի, Սքոփյէի մէջ ապրող մեր եղբայրները կրնան Թուրքիոյ բնական սահմաններէն անդին ըլլալ, սակայն միշտ կը մնան մեր սրտի սահմաններուն մէջ»։
Մտաւորական Վահան Բաբախանեանի խօսքերով. «Թուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն վտանգաւոր է, այլեւ, խորքին մէջ, ցեղասպանութեան մէկ արտայայտութիւնն է»:
«Փանթուրքիզմը կը քողարկուի մշակոյթի եւ կրօնի ծածկոյթին տակ», կ՛աւելցնէ Բաբախանեան, «ըստ էութեան մնալով սակայն յարձակողապաշտ, ցեղապաշտ ուսմունք՝ օտար հողերու բռնագրաւման եւ «Մեծն Թուրանի» ստեղծման համար»։
* Լուսին Գասպարեան (www.lucinekasbarian.com) գրող եւ հեղինակային ծաղրանկարիչ է, կը բնակի Միացեալ Նահանգներ: Ան այս յօդուածը կը նուիրէ պետական գործիչ Գարեգին Նժդեհին, որ ապրած եւ մահացած է Սիւնիքի եւ Հայաստանի համար: ** Այս յօդուածին հրապարակումէն ետք տեղեկութիւններ յայտնուեցան զինադադարի միջնորդութեան մէջ Ամերիկայի եւ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին։