Կիրակի, 9 Հոկտեմբերին, տօնական օր մը ապրեցաւ Արեւմտեան թեմի Վեն Նայս քաղաքի Ս. Պետրոս եկեղեցին: Առիթը՝ եկեղեցւոյ ժրաջան hովիւին՝ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի, քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 30ամեակն էր: Սուրբ պատարագ մատոյց յոբելեարը, ներկայութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Վաչէ արք. Յովսէփեանի (յոբելեարը ձեռնադրողը), Արեւելեան թեմէն հիւրաբար ժամանած Մարտիրոս Ա. քհնյ. Չեւեանի եւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի: Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը մասնակցեցաւ արարողութեան եւ օրուան ներշնչող ուրախութեան: Ներկայ էին նաեւ տէր հօր ընտանիքի անմիջական հարազատները, մօտիկ բարեկամեր եւ ծանօթներ:
«Հայր մեր»էն առաջ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութենէն ետք, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանգամանալից արտայայտութիւններով ներկայացուց օրուան յոբելեարը՝ դրուատելով անոր 30 տարիներու եկեղեցական եւ հովուական բացառիկ ծառայութիւնը: «Արժն. տէր հայրը, իր քահանայական կոչումով ու հովուական բացառիկ առաքելութեամբ միշտ վայելած է ժողովուրդին անվերապահ սէրը: Ան եղած է միշտ սիրուած, գնահատուած ու յարգուած հոգեւորական մը», աւելցուց առաջնորդը:
Այս ուրախ առիթով, գնահատելով տէր հօր եկեղեցական նուիրումը եւ աշխատանքը՝ սրբազանը անոր նուիրեց գեղեցիկ լանջախաչ մը. իսկ երէցկնոջ, որ միշտ թեւ ու թիկունք եղած է տէր հօր՝ կրօնական յուշանուէր մը,: Հաւատացեալները երկար ծափողջոյններով իրենց խնդակցութիւնը յայտնեցին սիրուած հոգեւոր հովիւին:
Խօսք առնելով՝ յոբելիարը նախ շնորհակալական իր սրտաբուխ խօսքերը յղեց առաջնորդին, ապա անցաւ իր օրուան պատգամին:
Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յարգանքի ճաշկերոյթ մը՝ յատուկ յայտագիրով: Կը տիրէր բարձր ուրախութեան ընդհանուր մթնոլորտ մը: Օրուան յայտագիրի խօսնակն էր Արեւմտեան թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիկ Ղուկասեան: Շուրջ երեք հարիւր հաւատացեալներ մասնակցեցան պաշտօնական ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ նուագով, երգերով եւ զանազան ելոյթներով: Առաջին հերթին՝ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Պարգեւ Համալեան հակիրճ խօսքերով ներկայացուց խորհուրդին գնահատանքը, հոգեւոր հովիւին ներկայացնելով արժանի յուշանուէր մը: Ապա խօսք առաւ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, որ մօտէն ծանօթ ըլլալով օրուան յոբելիարին՝ յատուկ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր մարդկային, եկեղեցական եւ հովուական ձիրքերուն ու հոգեւոր եւ քահանայական ծառայութիւններու մասին:
Ճաշկերոյթին մասնակցեցաւ Արեւելեան թեմի նախկին առաջնորդ Դանիէլ եպս. Ֆընտգեան, որ յոբելիարի դասընկերը եղած է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Ընծայարանին մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց տէր Շնորհքը եւ ընդհանրապէս քահանաներու ծառայական նուիրումը մեր եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատացեալներուն հանդէպ: Խօսք առաւ նաեւ տէր Մարտիրոսը, որ ներկայիս տեսուչն է նշեալ Ընծայարանին՝ ընդգծելով օրուան յոբելեարին մարդկային, ընկերային եւ եկեղեցականի բարեմասնութիւնները եւ անոր մաղթեց քաջառողջ ու արդիւնաւոր ծառայութիւն:
Բնականաբար, խօսք առաւ նաեւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան: Իր 30ամեակի այս ուրախ տօնակատարութիւնը կազմակերպողներուն ան յայտնեց իր շնորհակալութիւնը՝ երախտագիտական իր խօսքերուն միախառնելով անցեալի ուրախ եւ զուարճալի դրուագներ:
Յայտագիրի աւարտին, առաջնորդը Աստուծոյ բարձր օրհնութիւնը հրաւիրեց յոբելիարին եւ անոր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն վրայ:
Այս տօնակատարութեան առիթով, եղան կարգ մը նուիրատուութիւններ՝ եկեղեցւոյ զանազան ծրագիրներու յաջողութեան նպատակով:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ