
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, առաւել քան կէս դարու իր պատմութեամբ, ընդարձակ հայեցի դաստիարակութեամբ, իւրայատուկ եւ նշանակալից դերով եւ ազդեցութեամ՝ իրերայաջորդ նոր սերունդներու համար «հայ դարբնոց» դարձած է եւ հայկական ինքնութեան դրօշը պարզած՝ բիւր յարգանքով կը յիշէ եւ կը սգայ վարժարանիս ծնունդին ու հիմնադրման նուիրեալներու փաղանգէն Զարեհ Մաքասճեանի մահը: Անհատ մը, որ հաւատաց ազգային վարժարանի սրբազան առաքելութեան, հայ սերունդներու առողջ կայացման եւ գոյատեւման։ Առ այդ, ան սիրով նուիրաբերեց իր գործը եւ ժամանակը ու նիւթաբարոյապէս սիրայօժար կամքով օժանադակեց վարժարանի գոյացման, որպէսզի ծնունդ առնելով՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը շնչէ եւ գործէ հայ դպրութեան իբրեւ կաճառ:
Այսօր, խոր յարգանքով եւ մեծարանքով կը յիշատակենք նուիրեալ բարերարին անմոռաց յիշատակը:
Խունկ եւ աղօթք Մեսրոպեան Ս. ուխտի նուիրեալներէն եւ հայ դպրոցի շինութեան հաւատաւոր անդամներէն Զարեհ Մաքասճեանի անթառամ վաստակին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՌՈԶ ԵՒ ԱԼԷՔ ՓԻԼԻՊՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ