ՍԻՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԷՆ ՔԱՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԴՐՈՒԻ ՀԻՄԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի համալիրին մէջ, ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետին, հոգեւոր հայրերու, Ազգային վարչութեան, Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչներու, դպրոցի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու, շինարարական պատասխանատուներու, բարերարներու, ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու՝ տեղի ունեցաւ նոր կառուցուելիք փակ մարզադաշտի հիմնօրհնէքը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:


Ձեռնարկին ընթացքին յուզիչ երեւոյթ մը պարզուեցաւ, երբ շինարարական յանձնախումբի համաատենապետ Քրիս Կուրճեան առաջնորդ սրբազանին մատուցեց Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն իր կողմէ բերուած քարակտոր մը, որ առաջնորդ սրբազանին կողմէ օրհնուելէն ետք՝ պիտի զետեղուէր իբրեւ խորհրդանշական ենթահող՝ կառուցուելիք փակ մարզադաշտին համար: Այս քարը կը խորհրդանշէ մեր պապերուն հաւատքը, եւս առաւել անոնց հայրական հսկողութիւնը՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի համալիրին եւ անոր ազգային, կրթական, ընկերային, մարզական եւ մշակութային գործունէութիւններուն վրայ:
Արդարեւ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, մասնաւորաբար արեւելեան Լոս Անճելըսի եւ հարաւային բաժինի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կրթական եզակի կառոյց մըն է, ուր մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ հայեցի քրիստոնէական առողջ ու ամբողջական կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը ստանան: Այս նոր մարզադաշտի շինութիւնը կու գայ յաւելեալ ուշադրութիւն մը պարգեւելու Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի յաղթական ծրագիրներուն: