Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ 31 Հոկտեմբերէն 4 Նոյեմբեր փաստահաւաքի առաքելութեամբ Հայաստան կ՛այցելեն Եւրոպական խորհրդարանէն պատգամաւորներ Փեթըր Վան Տալեն, Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ եւ Լարս Փաթրիք Պերկ։
1 Նոյեմբերին անոնք ունեցան զանազան հանդիպումներ։
Ազգային ժողովին մէջ Եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան հաստատեց, որ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները իրենց առարկայական յայտարարութիւններով եւ քայլերով կը նպաստեն տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման:
Վան Տալեն նշեց, որ իրենք Հայաստան եկած են՝ իբրեւ Հայաստանի ընկերներ եւ այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելեն Սիւնիքի շրջանները։
Պատգամաւորները քննարկեցին հարցերու լայն շրջանակ մը, անդրադարձան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յառաջիկային քննարկուելիք Հայաստանի մասին զեկոյցին, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն կապերու հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցերուն:
Պատգամաւորները նաեւ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանին հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոպական խորհրդարանի գործընկերներուն՝ Հայաստանին աջակցելնուն համար: Ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին վերաբերեալ:
Անդրադառնալով տարածաշրջանային իրավիճակին` բարձրաձայնուեցաւ Արցախի տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը: Ռուբինեան ընդգծեց նաեւ, որ վտանգուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ վերադարձի հրամայականը:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան, ժողովրդավարութեան հաստատումը:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին, վերջինները շեշտեցին, որ Արցախի` Ատրպէյճանի կազմին մէջ ձգելը յղի է ցեղային զտումներով:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումին, Արցախի հիմնահարցի լուծման վերաբերող հարցերու: Նշուեցաւ, որ այսօր եւրոպական բազմաթիւ կառոյցներ կրկնակի չափանիշերու քաղաքականութիւն որդեգրած են եւ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ ուժանիւթային շահերը բարձր կը դասեն միջազգային իրաւունքի սկզբունքներէն:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներ Արթուր Խաչատրեան, Լիլիթ Գալստեան, Աննա Գրիգորեան եւ Ասպրամ Կրպէյեան:
Նոյն օրը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց պատգամաւորները՝ ընկերակցութեամբ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի:
Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ պատգամաւորներուն՝ Հայաստան այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ հայ ժողովուրդին համար դժուար իրավիճակի մը մէջ, երբ երկրին առջեւ ծառացած են յետ-պատերազմեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ ապահովական հարցեր: Ան կարեւոր նկատեց այսպիսի այցելութիւնները, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու ու զօրացնելու փոխգործակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանին եւ Հայաստանի միջեւ` միտուած ներկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման:
Անդրադառնալով 13-14 Սեպտեմբերին Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն` Գարեգին Բ. ցաւով արձանագրեց, որ հայկական կողմը ունեցաւ մարդկային ու տարածքային մեծ կորուստներ: Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան դատապարտման եւ կանխման հարցին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կարեւոր նկատեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը՝ յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ բարեկամ երկիրները եւ միջազգային կառոյցները, որոնց կարգին նաեւ Եւրոպայի խորհուրդը, յստակ կեցուածք կ՛արտայայտեն եւ քայլերու կը ձեռնարկեն տարածաշրջանը ապակայունացնող Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներու զսպման, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու ապահով կեանքի իրաւունքի երաշխաւորման եւ առ այսօր Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձի ուղղութեամբ:
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրակցելու յիշեալ հարցերու բարձրաձայնման եւ յաղթահարման:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման փաստերուն: