ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին համար: Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ան «կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ թուլցնելու լարուածութիւնը եւ երաշխաւորելու միջանցքի երկայնքով տեղաշարժի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը՝ ըստ աւելի կանուխ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն»:
«Ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը տարածաշրջանի հարցերու կարգաւորման վերաբերող շարունակական ջանքերուն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:
Կութիերես տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն, յատկապէս՝ Լաչինի միջանցքի փակման, Արցախի կազամատակարարման խափանման եւ անոնց պատճառով ի յայտ եկած մարդկասիրական լուրջ մարտահրաւէրներուն աւելի մօտէն ծանօթացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ Նիւ Եորքի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Տեսակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան հասցէական արձագանգին անհրաժեշտութիւնը:
Հայկական կողմը անդրադարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու շարունակուող բռնագրաւման հարցին, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ Արցախի տագնապի հանգուցալուծման:
Միրզոյեան հաստատեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ուժի կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքի, ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ հայատեացութեան իր քաղաքականութիւնը եւ առաւելապաշտական մօտեցումները, այդպիսով խաթարելով Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնը եւ ապահովութիւնը: