Հայաստանի ներկայացուցիչ 22 տարեկան Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Ալմա Աթայի մէջ (Ղազախստան) աւարտած աշխարհի ճատրակի կայծակնային ախոյեանութեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր. ան առաւելագոյն 21 կէտերէն ապահովեց 15 կէտեր:
Անոր նման նոյնքան կէտեր ապահովելով՝ երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա:
6րդ անգամն ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (16 կէտեր):
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներուն մէջ կայծակնային ախոյեանութեան ամէնէն բարձր արդիւնքը արձանագրեցին Զաւէն Անդրէասեան (32րդ), Տիգրան Լ. Պետրոսեան (33րդ) եւ Շանթ Սարգսեան (38րդ), որոնք ապահովեցին 12.5ական կէտեր:
Կանանց ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ամէնէն բարձր դիրքը գրաւեց Էլինա Դանիէլեան, որ առաւելագոյն 17 կէտերէն ապահովեց 10.5 կէտեր:
Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, ախոյեան հանդիսացաւ 18 տարեկան ղազախ Պիպիսարան Ասաուպայեւա (13 կէտեր):