ԿԼԵՆՏԷՅԼ, Քալիֆորնիա.- Անցեալ 33 տարիներուն, Հայաստան Արցախ ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական ֆոնտը 968 միլիոն տոլար արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած են Հայաստանին եւ Արցախին՝ 158 թռիչքներով եւ 2540 ծովային արկղերով։
2022ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը 21 միլիոն տոլար արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ ուղարկած է Հայաստան եւ Արցախ, ներառեալ 2.8 միլիոն տոլար արժէքով օժանդակութիւն՝ 2022ի չորրորդ եռամսեակին։ Սոյն գումարին 1.8 միլիոն տոլարը նուիրած է AmeriCares կազմակերպութիւնը, իսկ մնացեալ 1 միլիոն տոլարը՝ Direct Relief կազմակերպութիւնը։
Այս վերջին ժամանակաշրջանին նուիրուած մեծ քանակութեամբ դեղերը, բժշկական պիտոյքները եւ Clorox մակնիշի հականեխիչ անձեռոցիկները առաքուած են ՀԲԸՄի Քլոտիա Նազարեանի անուան Սուրիահայ գաղթականներու բժշկական կեդրոնին, Արաբկիրի Միացեալ մանկական բարեգորածական հիմնադրամին, Հայ Օգնութեան ֆոնտին, Քանաքեռ-Զէյթունի բժշկական կեդրոնին, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութեան, «Մուրացան» մանկական գեղձաբանական կեդրոնին, Ռ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական ազգային կեդրոնին, «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնին եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն։
«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով. «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։
(Հաղորդագրութիւնը՝ ֆոնտէն)