ԳԱՀԻՐԷ, «Յուսաբեր«.- Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսի Փետրուարին հրամայած էր արտադրել մինչեւ 40 հազար հրթիռներ՝ «գաղտնաբար Ռուսիա առաքելու համար», կը գրէ Washington Post-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզութեան փաստաթուղթը, որ համացանցի վրայ յայտնուած է։
Թերթը կը նշէ, որ Եգիպտոսի ղեկավարը յանձնարարած է գաղտնի պահել հրթիռներու արտադրութիւնը եւ մատակարարումը, «Արեւմուտքին հետ հարցերէ խուսափելու համար»։
Ըստ փաստաթուղթին՝ Եգիպտոսի նախագահը հրթիռներու արտադրութիւնը քննած է պաշտօնատար Սալահ Էտտինի հետ (խօսքը հաւանաբար ռազմական արտադրութեան նախարար Մուհամմատ Սալահ Էտտինի մասին է)։ Նախագահը անոր ըսած է, որ հրթիռներ պատրաստող գործարանի աշխատողներուն պէտք է ըսել, որ ատոնք Եգիպտոսի բանակին համար են։
Իբրեւ պատասխան՝ Սալահ Էտտին ըսած է, որ «կը հրամայէ իր մարդոց՝ աշխատիլ հերթափոխով, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, որովհետեի այդ նուազագոյնն է, որ Եգիպտոսը կրնայ ընել Ռուսիոյ ցուցաբերած օգնութեան դիմաց»։ Թէ ինչ օգնութեան մասին է խօսքը՝ չի նշուիր։ Ըստ պաշտօնատարին՝ «ռուսերը իրեն ըսած են, որ պատրաստ են գնելու ամէն ինչ»։
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմէտ Ապու Զէյտ, մեկնաբանելով փաստաթուղթը՝ վստահեցուց, որ «Եգիպտոսի դիրքորոշումը հիմնուած է Ուքրանիոյ ռազմական հակամարտութեան չմիջամտելու եւ երկու կողմերուն հետ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու պարտաւորութեան վրայ»։
Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն անանուն աղբիւր մը ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն գիտեր, եթէ Եգիպտոս իրագործած է իր մտադրութիւնները։ «Մենք այդ ցարդ չենք տեսած», յայտնեց ան։