ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Եթէ մէկը ըսէ, թէ չի՛ նախանձիր կամ իր կեանքին ընթացքին ո՛չ մէկուն կամ ո՛չ մէկ բանի չէ՛ նախանձած բնաւ՝ վստահաբար սուտ կը խօսի: Նախանձը իր դրական հասկացութեամբ, երբեմն յառաջդիմութեան ուղի բացած է, եւ բարոյագէտներ նախանձի այս տեսակը սիրած են կոչել »բարի նախանձ«: Ուսուցիչները դպրոցական վաղ տարիքի մանուկներուն մէջ ճիշդ ա՛յս նախանձն է որ կը ջանան արթնցնել, որպէսզի ուսման մէջ կաղացող աշակերտները յաւելեալ ճիգ թափելով՝ գան եւ հասնին իրենց յառաջադէմ դասընկերներուն:
Նախանձի մասին ընդարձակ բացատրութիւն տալու կարիք չենք զգար, որովհետեւ պատանիներէն սկսեալ մինչեւ զառամեալ ծերունիները պահ մը միայն եթէ ներհայեցողութեան դիմեն՝ արդէն յստակօրէն պիտի տեսնեն զայն: Պատանիներէն սկսեալ ըսինք, որովհետեւ մանուկներու մէջ երեւցող նախանձի զգացումը բնազդային է տակաւին:
Տխրութիւն, ուրախութիւն եւ այլ զգացումներ դժուար թէ մարդիկ կարենան ծածկել: Մարդոց դէմքի արտայայտութիւններէն եւ խօսքերէն, մանաւանդ աչքերու լեզուէն կարելի է կռահել զգացման տեսակը: Սակայն նախանձը այնպիսի զգացում է, որ մինչեւ գործնական փուլ մտնելը, կրնայ ինքզինք ծածուկ պահել…։
Այստեղ խօսքը բարի նախանձի մասին չէ, որ անշուշտ կրնայ արտայայտուիլ, եւ բարի ըլլալուն պատճառով օրինակ հանդիսանալ ուրիշներուն: Այս պարագային, բարի նախանձ ունեցող ենթական նոյնիսկ իր հիացումի օրինակին կրնայ դիմել, հարցնելով յաջողութեան գաղտնիքը, եւ պարզապէս ըսելով, որ կ՛ուզէ նմանիլ իրեն: Հանդիպած ենք շատերո՜ւ, որոնք բնաւ չե՛ն ընդունիր »բարի նախանձ«ին գոյութիւնը, հաւատացած ըլլալով, որ անոր մէջ եւս կայ չարութեան բաժին մը: Ամբողջութեամբ չենք բաժներ այս տեսակէտը, որովհետեւ ուրիշներու բարի, կամ յաջողութեան օրինակին հետեւելուն կրնանք այլ անուն կամ կոչում ալ տալ, եւ ոչ՝ »բարի նախանձ«: Ուրեմն, յաջողակ մարդոց կեանքը դիտելով, անոնց բարութեան ու յաջողութեան հետեւելու մարմաջով, ոմանք կ՛ուզեն պարզապէս անոնց նմանիլ: Այստեղ բարի ձգտում կայ, որ շատ գնահատելի է, եւ շա՜տ հեռու՝ նախանձ ըլլալէ:
Վերոյիշեալ մօտեցումը կամ հետեւելու փափաքը եւս երբեմն կ՛ունենայ իր տարբերակը, երբ հետեւող անձը ուղղակի կը սկսի կապկել մայր օրինակը, հանրութեան ծիծաղի առարկան դառնալով: Այստեղ սխալը հետեւող ենթակայինն է, որ չի՛ գիտեր ինչպէ՞ս հետեւիլ իր հիացումի առարկային, կամ օրինակել զայն: Ոմանք անոր քայլուածքը կը կապկեն, ուրիշներ խօսելու ձեւը: Նման պարագաներու, շատ բնական է, որ տուեալ ենթակային սխալներն ալ օրինակեն անոնք: Ամէնէն ծիծաղելին եղած է այն, երբ տիպարը հիւանդագին շարժումներ ունեցած ըլլալով, հետեւողը զանոնք եւս ընդօրինակած ու կիրարկած է…։
Տիպարը ընդօրինակելու այս սխալ ըմբռնումին բարձրակէտը կը հանդիսանայ այն, երբ տիպարը հեղինակ ըլլալով տարբեր գրութիւններու, հետեւողը ուղղակիօրէն կ՛ընդօրինակէ զանոնք եւ իբրեւ իր հեղինակութիւնը կը հրատարակէ: Ողբերգական սոյն իրավիճակին պարզումով, դժբախտաբար, ընդօրինակող ենթական չի՛ հասկնար իր գործածը, որովհետեւ հոգեկան բարդ դրութեան մատնուած ըլլալով, այլեւս իր եւ տիպարին միջեւ գոյութիւն ունեցող պատուարը չի՛ նկատեր: Երկու տարբեր անձերու միազանգում տեղի կ՛ունենայ հետեւողի միտքին մէջ անզգալաբար, նոյնացնելով երկու տարբեր անձերը եւ անոնց մտածողութիւնները:
Ընդօրինակող նախանձի այս տեսակէն տարբեր է անշուշտ բո՛ւն նախանձը, որ համայն մարդկութեան ծանօթ է իր արդիւնքներով: Մինչեւ իսկ վնասակար վարքեր, գաղտագողի հետապնդումներ, նոյնիսկ սպանութիւն՝ նախանձի հետեւանքով կրնան տեղի ունենալ:
Նախանձը իր լուռ կամ չար տեսակով, մնայուն հետապնդման կ՛ենթարկէ իր թիրախը, որուն նմանելու փափաքէն աւելի, զայն կործանելու նպատակը կ՛ունենայ: Ներկայ ժամանակներուն, ամէնէն աւելի տարածում գտած նախանձը դիրքի կամ պաշտօնի հասնելու նախանձն է: Հաստատութեան մը մէջ, կամ ընկերութեան մը պաշտօնեաներու շարքերուն մէջ շա՜տ ընդհանրացած է այս: Սովորական պաշտօնեայ մը, անյայտ միջոցներով, յանկարծ կը հասնի տնօրէնութեան աթոռին: Եթէ իր ունեցած կարողութեան առ ի գնահատանք է այդ յառաջդիմութիւնը՝ ամենայն յարգանք իր իմաստութեան եւ նոյնիսկ հանճարին: Սակայն կը պատահի նաեւ, որ սոյն պաշտօնի տուչութիւնը տեղի կ՛ունենայ զարտուղի ճանապարհներով՝ նախանձողին ձեռքը յանձնելով հատու սուրը:
Սոյն նախանձի տեսակի աշխատանքային ծրագիրին մաս կը կազմէ »սեւցնելու« քաղաքականութիւնը, որ դարձեալ ընդյատակեայ գործունէութիւն կ՛ենթադրէ: Նախանձողը, ո՛չ բացայայտ միջոցներով կը սեւցնէ՝ կը վարկաբեկէ իր թիրախը, այնպիսի համոզիչ լեզուով, որ նոյնիսկ փորձառու մարդիկ կը հաւատան իր յերիւրածոյ խօսքերուն:
Ամէնէն ճարտար եւ վարպետ նախանձողը գիտէ ինչպէս թշնամիներ պատրաստել եւ զանոնք գործուղղել իր թիրախին վրայ: Այսպէս, նախկին բարեկամներդ յանկարծ կը սկսին հեռաւորութիւն մը պահել քեզի հետ. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կը բարձրաձայնեն անցեալի սխալներդ, իբրեւ թէ խղճալով քեզի եւ կարգի հրաւիրելով քեզ: Նման անձերու մէջ հետզհետէ զգացուող յաւելեալ հետաքրքրութիւնը քու նկատմամբ պէտք է ահազանգ համարես՝ իմանալով, որ թշնամութիւն կը խմորուի քեզի դէմ: Ահա՛ թէ ինչպէս կը գործէ նախանձ անձը, որուն ինքնութիւնը երկա՜ր ժամանակ պահուած կը մնայ բոլորին գիտութենէն:
Նախանձ մարդուն կողմէ կիրարկուող վարկաբեկման աշխատանքին մեծապէս կը նպաստէ անոր կողմէ իրականացուող բամբասանքը: Այս արարքով, նախանձողը կրնայ կործանել յաջողակ մարդուն՝ իր նախանձի առարկային, երկար տարիներու ընթացքին կառուցած վաստակը, մինչեւ իսկ անոր բարոյական սրբութիւնը կրնայ ոտնակոխել՝ բամբասանքի անգութ ցեխարձակումներով:
Նախանձ մարդուն երկարաշունչ գործունէութիւնը մէկ կեանքի ժամանակահատուածին մէջ չի՛ սահմանափակուիր: Երբեմն նախանձի թիրախ դարձած մարդը իր մահէն ետք իսկ կը բամբասուի, կը ծաղրուի, սակայն այս պարագային աւելի համարձակ, որովհետեւ ենթական արդէն այս կեանքէն հրաժեշտ առած է:
Նախանձի թիրախին մահէն ետք կրնայ նաեւ ճիշդ հակառակը տեղի ունենալ, երբ բացայայտուի ճշմարտութիւնը: Արդարութեան ուշացումն է այս, որ յաճախ բացատրուած է առածով մը. «Արդարութիւնը կը հիւանդանայ, բայց չի՛ մեռնիր…»:
Կեանքի տխուր երեւոյթներէն է նախանձը, որ այսքան այլակերպութիւններ ունի: Բարի նախանձէն մինչեւ անոր չար ու մահաբեր տեսակը կը գտնուին լայն կարկինի մը մէջ, որմով կը գծուի նաեւ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն շրջագիծը:
Երանի՜ անոր, որ շուտով կը ճանչնայ իրեն նախանձող անձին ինքնութիւնը. իսկ ասոր հասնելու ամէնէն ճիշդ ձեւերէն մէկն է՝ ամէն մարդու վրայ վստահութիւն չունենալու խոհականութիւնը: