ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով, խորհրդարանը 14 Յունիսին գումարեց իր 12րդ նիստը՝ նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի:
Քուէարկութեան առաջին փուլը պարզեց հետեւեալ պատկերը. Ժիհատ Ազուր (59 քուէ), Սլէյման Ֆրենժիէ (51 քուէ), Զիատ Պարուտ (6 քուէ), Ժոզէֆ Աուն (1 քուէ), Ժիհատ Արապ (1 քուէ, որ չեղեալ նկատուեցաւ), «Նոր Լիբանան» (8 քուէ) եւ երկու սպիտակ քուէներ:
Նկատի ունենալով, որ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը կարելի չէր սկսիլ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով, Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը, առանց ճշդելու յաջորդ նիստին թուականը:
Նշենք, որ նիստին ընթացքին, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ Պըրրիէն խնդրեց, որ բոլոր խմբակներէն երեսփոխաններ մասնակցին քուէահամարի հոլովոյթին, եւ Պըրրի դրական պատասխան տուաւ ու երեսփոխանական բոլոր խմբակերէն ներկայացուցիչներ մասնակցեցան քուէահամարի աշխատանքին:
Նիստին մասին Պըրրի յայտնեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարելու իմաստով պէտք է վերջ տալ պատասխանատուութեան գնդակը այս կամ այն կողմ նետելու քայլին:
«Պէտք է ընդունիլ, որ դատարկ օղակի մը շրջան ընելը եւ ուրացումի քաղաքականութիւն որդեգրելը ապարդիւն է, որովհետեւ բոլորը, յատկապէս արաբական աշխարհը մեզմէ կ՛ակնկալեն պատասխանատու կեցուածք, որուն սկիզբը կը նկատուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որ իր կարգին պիտի իրականանայ երկխօսութեան ճամբով», հաստատեց ան:
Իրենց կարգին, գլխաւոր թեկնածուները՝ «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուր կատարեցին թուիթըրեան գրառումներ:
Ֆրենժիէ շնորհակալութիւն յայտնեց իր օգտին քուէարկած բոլոր երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին: Ան աւելցուց, որ ինք կը յարգէ իրեն քուէ չտուող երեսփոխաններուն տեսակէտը եւ այդ մէկը կը նկատէ բոլորին հետ շինիչ երկխօսութիւն մը կատարելու շարժառիթ մը:
Ազուր շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահական ընտրութեան նիստի առաջին փուլին ի նպաստ իրեն քուէարկած բոլոր երեսփոխաններուն եւ փափաք յայտնեց, որ արձանագրուած այս պատկերը ըլլայ ազդակ մը, որ բոլորին միջեւ համախոհութիւն գոյանայ Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու:
Լիբանանի մօտ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը դարձեալ գումարեց նախագահական ընտրութեան ապարդիւն նիստ մը՝ աւելցնելով, որ Լիբանանի ղեկավարները եւ երեսփոխանները պէտք ունին արագ քայլերու դիմելու՝ երաշխաւորելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը, որպէսզի կարենան իրականացնել երկրին եւ ժողովուրդին շահերը: «Դատարկութեան փուլի երկարաձգումը կը հարուածէ Լիբանանի ժողովրդավարական գործընթացը, ինչպէս նաեւ կ՛ուշացնէ բարեկարգումները եւ անհրաժեշտ լուծումները, որոնք կ՛ակնկալուին Լիբանանը ապաքինման հունի մէջ զետեղելու համար», ըսաւ Վրոնեցքա: