Անցնող շաբթուան ընթացքին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, երեք ներկայացումներով ելոյթ ունեցաւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնը, որ Լիբանան կը գտնուէր հրաւէրով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան:
Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին ներկայացուեցաւ «Տունը Սահմանին», Հինգշաբթի 8 Յունիսին՝ «Փարիզը Վտանգաւոր Քաղաք է», որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նիւթով, խաղարկութեան ոճով եւ մարմնաւորած խորհուրդով տպաւորեց երկու օրերուն ալ սրահը լեցուցած լիբանանահայերը, իսկ Ուրբաթ 9 եւ Շաբաթ 10 Յունիսին մանուկները իրենց շուրջ համախմբեցին «Քեռի Քուչին, Թոմ Էնտ Ճերին Եւ Միւսները» մանկապատանեկան ներկայացումները:
Խումբին Լիբանան գտնուելու ծիրին մէջ, հրաւէրով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Հինգշաբթի, 8 Յունիսի երեկոյեան, «Լեւոն Շանթ» Մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատերախումբին:
Շրջանային վարչութեան անունով Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յատկապէս Գիւմրիի թատերախումբի անդամներուն` հաստատելով, որ անոնք իրենց ներկայացումներով փաստեցին, որ մեր մշակոյթը կը գտնուի բարձր մակարդակներու վրայ եւ դրուած է ամուր հիմքերու վրայ: Ան ըսաւ, որ անոնք արժանի են ամենայն գնահատանքի եւ գուրգուրանքի: Նանօր Գոչունեան-Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործակցութեան համար եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին գործընկեր ըլլալնուն համար, որովհետեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծիրին մէջ, Համազգայինը` իբրեւ մշակոյթի թափ տուող միութիւն, իր համաշխարհային ցանցով պէտք է նախաձեռնէ նման ներկայացումներու, որպէսզի սփիւռքահայութիւնը եւս ծանօթանայ ու առիթը ունենայ վայելելու եւ հաղորդուելու ազգային պատգամներով: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որոնց անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ իրականացան այս ներկայացումները, աւելցնելով, որ յատկապէս այս տագնապալի օրերուն իրենց յանդգնութիւնը եւ համարձակութիւնը նախաձեռնելու նման ներկայացումներ` շատ գնահատելի է:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց դերասաններուն: Ան դիտել տուաւ, որ անոնք իրենց ներկայացումներով մեզի բերին թէ՛ վիշտ, թէ՛ խնդութիւն, նման` մեր կեանքին: Ան շեշտեց, որ այս մշակութային համագործակցութիւնը մշտապէս կարեւորուած է Համազգայինի կողմէ, միշտ կայ եւ միշտ պիտի ըլլայ: Քէշիշեան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ քանի մը ամիս առաջ Համազգայինը իր կառոյցը եւ գրասենեակը ունեցաւ նաեւ Գիւմրիի մէջ, որ կը փաստէ, առաւել եւս գործակցութեան հաստատելով, Գիւմրին մեր մշակոյթի գլխաւոր օրրաններէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ Գիւմրին խորհրդանիշ է վերածնունդի, եթէ աւերակներէն ապրեցաւ, եւ ներկայիս բարձրագոյն արուեստով թատերախումբը կը գտնուի Լիբանանի մէջ, կը նշանակէ, թէ մեր ազգին վիճակը այդքան ալ վատ չէ, պէտք չէ յուսահատիլ, պէտք է շարունակել կեանքը եւ պայքարը: Քէշիշեան գնահատական խօսք ուղղեց Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին, յատկապէս` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, որ գլխաւոր սիւներէն մէկն է լիբանանահայ թատրոնին, յայտնելով իր սէրն ու յարգանքը:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տէմիրճեան իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն գործակցութեան համար` հաստատելով, որ մենք անպայման ժողովուրդը դէպի մշակոյթ եւ արուեստ պիտի առաջնորդենք` առանց յուսահատելու:
Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական տրամաթիքական թատերախումբի դերասան Տիգրան Գաբոյեան յայտնեց, որ Գիւմրին խորհրդանշական քաղաք է, շեշտելով, որ Գիւմրին եւ գիւմրիցիները երբեք չեն կոտրուիր, անոնց մէջ ուժ մը կայ, որ պէտք է մեր ժողովուրդին փոխանցուի: Ան յայտնեց, որ գիւմրիցին ունի հաւատք` Աստուծոյ եւ իր ուժերուն հանդէպ, մաղթելով, որ այդ ուժը փոխանցուի մեզի, որ` ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Ան շեշտեց, որ միասնութիւնը եւ իրարու հանդէպ սէր ունենալը կը յաղթահարէ ամէն բան: Գաբոյեան հաստատեց, որ սոյն նախաձեռնութիւնը «խենթութիւն» էր` նման դժուար ժամանակներուն, նկատել տալով, թէ այս մէկը կը փաստէ, որ եթէ մենք ազգովին ուզենք ամէնէն նեղ ժամանակներու մէջ իսկ կրնանք յաղթել եւ աւելի լոյսին երթալ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Համազգայինին եւ յատկապէս «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, որ մեծ աշխատանք տարաւ սոյն ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Համազգայինի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեան նկատել տուաւ, որ ոչ թէ «Փարիզը Վտանգաւոր Քաղաք Է», այլ աշխարհը այսօր վտանգաւոր դարձած է, եւ այդ վտանգը մենք ամէն օր կ՛ապրինք, որովհետեւ ազգերու արժէքային համակարգը ամբողջութեամբ օրէ օր նահանջ կ՛արձանագրէ:
Տիգրան Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Գիւմրիի թատրոնին նախկին տնօրէններէն Արմէն Արմէնեան, որ թատրոնի վերածաղկումին եւ վերակազմաւորման գլխաւոր ճարտարապետներէն մէկը եղած է, եւ Գասպար Իփէկեանը հարազատ եղբայրներ են՝ աւելցնելով, որ այս երկու թատրոններուն միջեւ ոչ միայն բարեկամութիւն կայ, այլեւ` արիւնակցական կապ գոյութիւն ունի:
Ճինպաշեան բացատրեց, որ Արմէն Արմէնեան իր անունը փոխած է հասկնալի պատճառներով: Ան մնացած է Հայաստանի մէջ եւ չէ ուզած, որ իր անունը առնչութիւն ունենայ Գասպար Իփէկեանի հետ, որ այստեղ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն մէկն էր:
Հեռաձայնային կապով ներկաներուն իր խօսքը ուղղեց Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն Արա Նախշքարեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու թատերախումբերու համագործակցութեան համար` շեշտելով, որ պատրաստ է այդ մէկը աւելի ամրացնելու եւ աւելի կայուն հիմքերու վրայ դնելու: Ան հաստատեց Գիւմրիի թատրոնի պատրաստակամութիւնը` գործակցելու մշակութային մարզին մէջ եւ յոյս յայտնեց փոխադարձ այցելութեան:
Հանդիպում-հիւրասիրութեան ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Արմէն Ճէնտէրէճեան` ջութակ, Գէորգ Քէշիշեան` տուտուկ եւ Կարօ Աւեսեան` դաշնակ: