Կարինի (Էրզրում) մէջ՝ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի «անմեղ» անուան տակ բացուած է հակահայկական նոր կեդրոն մը։ Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կարինի մէջ հայ–թրքական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան կեդրոնի բացման ընթացքին, բոլոր ելոյթները վերաբերած են «հայերու կողմէ թուրքերու կոտորածներ»ուն։
Օրինակ, Կարինի քաղաքապետը պնդած է, թէ դարասկիզբին, հայերը Կարինի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ կոտորած են 50 հազար թուրքեր։
Իր կարգին, հակահայկական քարոզչութեամբ զբաղող թուրք պատմաբան Էրօլ Քիւրքչուօղլու յայտարարած է, թէ նորաստեղծ կեդրոնին մէջ հաւաքուած է «հայերուն կողմէ թուրքերը ցեղասպանութեան ենթարկել»ու մասին բազմաթիւ ապացոյցներ ընդգրկող 9500 գիրքեր։