Հայկական կողմը աշխատանքներ կը տանի Մարգարայի մէջ համապատասխան ենթակառուցուածքները կարգի բերելու համար եւ շատ շուտով աւարտին կը հասցնէ այս գործը:
ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակացութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան:
«Յոյս ունենք, որ թուրքական կողմը նոյնպէս կը պահի պայմանաւորուածութիւնները եւ այս ամառուայ ընթացքում պայմանաւորուածութիւնները կ՛իրագործուեն», աւելցուց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս պահուն, արդեօք քննարկումներ կա՞ն թրքական կողմին հետ՝ Ռուբինեան ըսաւ. «Գործընթացը կանգնած վիճակում չէ, ես ըստ անհրաժեշտութեան խօսում եմ Թուրքիայի յատուկ ներկայացուցչի հետ»:
Յիշեցնենք, որ Մարգարայի կամուրջով այս տարուան Փետրուարին հայկական կողմը մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց երկրաշարժէն տուժած թրքական բնակավայրերը: