Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հորդագրութիւն մը տարածելով՝ հերքեց Ատրպէյճանի կողմէ օրական դրութիւն ստացած ապատեղեկատուութիւնը՝ շեշտելով, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ։
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները Օգոստոսի 15ին` ժամը 18:05ի սահմաններում, կրակ են բացել սահմանագօտու արեւելեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատուութիւնն է», նշեց նախարարութիւնը։
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հրապարակման, թէ՝ «Հայաստան կը շարունակէ «ականապատման ահաբեկչութիւնը»։
Մարուքեան շեշտեց, որ հայկական կողմերը ցարդ ձեռնարկած են բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն՝ վստահութեան ամրապնդման պարունակին մէջ, այս ծիրին մէջ ալ Ատրպէյճանին փոխանցած են ականներու բոլոր քարտէսները։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս տարածեց յայտարարութիւն մը՝ հերքելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած լուրերը, թէ Արցախի բանակը ռազմական սարքեր կը կեդրոնացնէ շփման գիծի տարբեր ուղղութիւններու մէջ:
«Տեղեկատուական դաշտը նման կեղծ լուրերով լցնելով, ինչպէս արդէն բազմիցս առիթ ենք ունեցել համոզուելու, Ադրբեջանը հող է նախապատրաստում յետագայ սադրանքների իրականացման համար: Միջազգային դերակատարների եւ յատկապէս ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի ուշադրութիւնն ենք հրաւիրում այն փաստի վրայ, որ Ադրբեջանն իրադրութեան լարման է գնում Արցախի խաղաղ բնակչութեանը պարտադրուած լիակատար շրջափակման հետեւանքով հումանիտար (մարդասիրական) իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ ՄԱԿի ԱԽ արտակարգ նիստ գումարելու Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջից ընդամէնը երկու օր անց: Սա ոչ այլ ինչ է, քան Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութիւնում առաջացած հումանիտար աղէտից միջազգային կառոյցների ուշադրութիւնը շեղելու փորձ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Նախարարութիւնը կը պահանջէ միջազգային բոլոր դերակատարներէն եւ, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմէն, անյապաղ ձեռնարկել համապատասխան քայլերու`զսպելու Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները:
«Ստեղծուած իրավիճակում հրամայական ենք համարում հնարաւորինս հրատապ ՄԱԿի ԱԽ արտակարգ նիստի գումարումը` Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ անվերապահ ապաարգելափակմանն ուղղուած անհրաժեշտ եւ արդիւնաւէտ միջոցների իրականացման վերաբերեալ որոշում կայացնելու նպատակով», կը նշուի նոյն հաղորդագրութեան մէջ։