Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի՝ այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հոքշթայն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի ապահովութեան:
Հոքշթայն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ բնական կազի հորատման աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքին ուղղութեամբ համաշխարհային հետաքրքրութիւն կայ: Ան յայտնեց, թէ ինք լաւատես է. եթէ Լիբանան անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարէ եւ սահմանադրական գործընթացները իրականացնէ, երկիրը պիտի զետեղուի տնտեսական բարգաւաճման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղիին վրայ:
Հարաւային Լիբանանի ցամաքային սահմանները ամրացնելու առումով, Հոքշթայն յայտնեց, որ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու միջնորդական պարտականութեան յաջողութենէն ետք, ինք կը փափաքի արժեւորել այդ հոլովոյթը սկսելու կողմերուն պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտել նման միջնորդութեան մը ունենալիք արդիւնքը` լուծելու համար հարաւային Լիբանանի ցամաքային սահմաններուն գծով տարակարծութիւնները:
Պու Հապիպ շեշտեց այս հոլովոյթը սկսելու՝ Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` պայմանով որ Լիբանանի բոլոր իրաւունքները յարգուին:
Հոքշթայն եւ Շիա նաեւ այցելեցին հարաւային Լիբանան: Նաքուրայի մէջ Հոքշթայն հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի հետ, ինչպէս նաեւ ստուգեց սահմանային Կապոյտ գիծը: