Կիրակի, 27 Օգոստոսին, Պըրպենքի «Տը Լաքս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Կրթական Բարեսիրական միութեան` ՀԿԲՄի Կրթանպաստներու յանձնախումբի հիմնադրութեան 5ամեակին նուիրուած պաշտօնական ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին նաեւ կատարուեցաւ այս տարուան կրթանպաստներուն արժանացած ուսանողներու մրցանակաբաշխութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսի ներկայացուցիչը` Նազելի Համբարձումեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան եւ Վարիչ մարմինի անդամներ ու կազմակերպութեան բարեկամներ եւ համակիրներ:
Երեկոյի հանդիսավարը՝ Ստեփան Յովակիմեան, իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀԿԲՄի առաքելութեան եւ Հայ ուսանողներուն սատար կանգնելու կարեւորութեան, որպէսզի անոնք արժանանան բարձր տիտղոսներու, ապագային մաս կազմելով նաեւ մեր ազգային կեանքին` տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Ապա, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց քանոնահար եւ երգչուհի Նեկտարին Չիլեանը, որ իր հրաշալի կատարումներով հմայեց ներկաները:
Ճաշի սպասարկումէն ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը` UC Irvine համալսարանի Հայկական ուսմանց կեդրոնի դասախօս փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեանը: Ան իր ելոյթին մէջ պատմական ակնարկ մը նետեց 19րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ ծնուդ առած հայ կանանց կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնց հիմնական նպատակը եղած է ուսման միջոցաւ զարգացնել իգական սեռի ներգրաւումը հասարակական կեանքին մէջ:
Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ՀԿԲՄի եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ:
Բանախօսին ելոյթէն ետք կատարուեցաւ կրթանպաստներու յանձման արարողութիւնը` ձեռամբ յանձնախումբի անդամներ Թադէոս Քորողլեանի, Լուսին Պոյամեանի եւ Կարինէ Գոճապապեանի:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ 5ամեակի կարկանդակի հատումը:
Երեկոն աւարտեցաւ հանդիսավար Ստեփան Յովակիմեանի խանդավառ ելոյթով:
2023-2024 տարեշրջանի կրթանպաստները ստացան հետեւեալները.
Ամերիկայէն`Սառա Աբրահամեան, Սոֆիա Գէորգեան, Անի Հէքիմեան, Քէթրին Սարգիսեան, Արէն Աւետիսեան, Անի Մկրտչեան եւ Ճոզէֆ Դերցակեան-Հէրիս.
Հայաստանէն`Յակոբ Ճորճ, Աննա Ղարիպեան, Նուարդ Իզմիրլեան եւ Նանէ Պետրոսեան.
Լիբանանէն` Ծովիկ Քէօշկէրեան, Տալիտա Շարպարաշեան եւ Նուշիկ Զատիկեան։
(Թղթակցութիւնը՝ ՀԿԲՄէն)