Վանի հայկական Վարագավանք վանական համալիրը ամբողջական ոչնչացման եզրին է, կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր»ը։
Վարագավանքի եկեղեցիներու մեծ մասը արդէն գոյութիւն չունի։ Այն, ինչը մնացած է, միայն պատերն են եւ քարերը։ Համալիրէն մասամբ պահպանուած մնացած է միայն եկեղեցի մը, որ նոյնպէս փլուզման եզրին է։
Ներկայիս, եկեղեցին կը գտնուի գիւղաբնակ 63 տարեկան քիւրտի մը հոգածութեան տակ։
Կը նշուի, որ վանական համալիրը որեւէ իշխանութեան օրօք չէ վերանորոգուած եւ պետութեան կողմէ մատնուած է անտիրութեան։

Միայն Վանի մէջ կան առաւել քան հարիւր եկեղեցիներ, որոնցմէ վերանորոգուած են միայն Աղթամարի Սուրբ Խաչ եւ Արտամետի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները։
Նշենք, որ Վարագավանքը կառուցած է Է. դարուն՝ պատմական Վասպուրական նահանգի՝ Վան քաղաքի հարաւ-արեւելեան հատուածին՝ Վարագայ լերան արեւմտեան լանջին։ Նախապէս եղած է Վանի արքեպիսկոպոսին նստավայրը։
Միւս կողմէ, Փետրուարին տեղի ունեցած հզօր երկրաշարժէն տուժած Տիգրանակերտ քաղաքի պատմական պարիսպներուն 30 հատուածներուն մէջ ի յայտ եկած են վնասուածքներ, որոնց մասին իրազեկած է Տիգրանակերտի մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանութեան ընկերակցութիւնը։
Զեկոյցը ներկայացուցած է քարաթափումները, հորիզոնական եւ ուղղահայեաց ճեղքերը, յենարաններու վնասուածքները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով, սակայն ցարդ նշուած հատուածներուն մէջ վերականգումի աշխատանքները չեն սկսած։