Նախաձեռնութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայկական «Խոստումը» հիմնարկին եւ համագործակցութեամբ համալսարանին Հայ ուսանողական միութեան եւ շարք մը այլ հիմնարկներու եւ միութիւններու` Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին պիտի խօսի Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ (2015էն 2023) եւ ժողովրդավարութեան ու փոքրամասնութեան իրաւանց պաշտպան Կարօ Փայլան։
«Հայկական Վերածնունդ» խորագրուած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ (404 Westwood Plaza, Los Angeles, CA 90095)։ Անոր կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ նաեւ Zoom-ի միջոցաւ։
Մասնակցութիւնը ազատ է, սակայն պէտք է կանխաւ արձանագրուիլ՝ այցելելով bit.ly/PAI10-17-23 կայքէջը։