Ուրիշին կատարած սխալը խոշորացոյցի տակ բռնելու եւ մրջիւնը իբրեւ փիղ դիտելու հաճոյքը ամէնուն տրուած չէ: Երբեմն նոյնիսկ մրջիւնին աննկատ մնացած ոտքերը, ինչու չէ, նաեւ ամբողջ մարմինը, առասպելական վիշապի մը մեծութեամբ կը յայտնուի ոմանց աչքին: Անոնք մրջիւնը կը մեծցնեն ոչ թէ անկէ վախնալու համար, այլ ծիծաղելու անոր ճղճիմ թաթերուն եւ շփոթութեան մատնուած ու կլոր-կլոր դարձող ապշահար կոտոշներուն վրայ: Շատ քիչ տոկոս մը կը կազմեն այս կեանքին մէջ անոնք, որոնք կը վշտակցին տկարին, Աւետարանին բացատրութեամբ՝ Սամարացիի մօտեցումով, մէկդի դնելով նմանին ցաւը սեփական մխիթարութեան վերածելու անհեթեթ ու դիւային տրամաբանութիւնը: Իսկ անոնք, որոնք ձկնորսութեան ոչ մէկ փորձառութիւն ունին, նման կացութեանց «պղտոր ջուր»ին մէջ ձուկ որսալու ելլելով, ստախօս ու «քաջարի» ձկնորսներ կը դառնան:
Տեսնուած է, որ կարգ մը անձեր իրենք զիրենք ուրիշներէ աւելի ճարպիկ կարծելով, կը ջանան շփոթ կացութեանց ընծայած պատեհութիւնը օգտագործել, կամ պարզ բացատրութեամբ «առիթէն օգտուիլ»: Այսպէս, օրինակ, եթէ մէկու մը նկատմամբ անցեալէն մնացած ոխ ունէին անոնք, տուեալ կացութիւնը օգտագործելով, իրենց վրէժը լուծելու աշխատանք կը տանին: Ցաւալին այն է, որ երբեմն իրենց թիրախ ընտրած անձը, որմէ կ’ուզեն վրէժ լուծել, բացարձակապէս առնչութիւն չ’ունենար տուեալ հարցին, «պղտոր ջուրի աւազան»էն մեծ հեռաւորութեան վրայ գտնուելով իրենց այդ «թշնամին»: Նման տգէտ անձերու արտայայտած կեղծ ինքնավստահութիւնն է, որ յաճախ շփոթ կը ստեղծէ մտքերուն մէջ, եւ լսողներ երկու անգամ կը մտածեն անոր կատարած հաստատումներուն մասին:
Սակայն, պէտք չէ՛ ամբողջութեամբ յուսահատիլ, այնպէս խորհելով, որ պարկեշտութիւնը արմատախիլ եղած է մարդկային կեանքէն: Ի՛նչ ալ պատահի, ինչպիսի՛ դարու մէջ ալ ապրինք, ինչքա՛ն ալ մարդկային քաղաքակրթութեան չափանիշները փոխուած ըլլան, կամ ո՛րքան ալ ժամանակները այլանդակած ըլլան իսկական՝ տիպար մարդուն դէմքը, տակաւին պիտի գտնուի՛ն մարդիկ, որոնք տիպար մարդու կեցուածքով, ուղղամտութեամբ ու արդարադատութեամբ պիտի նային այս կեանքին ու իրենց նմանին՝ մարդ արարածին:
Իր նմաններուն յանցանքները յայտնաբերելու մոլուցքին հետ, մարդը ունի նաեւ յանցանքները իր վրայէն թօթափելու տկարութիւնը: Մարդկային տկարութիւն մը, արդարեւ, որուն դիմաց քաջութեան կամքը կը թուլնայ, տեղի տալով երկչոտութեան մեղսալից զգացումին: Տեսնուած է, որ անոր ետին կը պահուտին երբեմն նոյնիսկ պողպատեայ ուժեր: Նման կեցուածքի պարագային բացառութիւն կը կազմեն սրբակենցաղ աստուածամերձ անձեր, որոնք խորհրդապաշտութեան (միսթիսիզմ) ճամբով, մարդկային կեանքի տաղտուկներէն վեր բարձրացած ըլլալով, մտահոգութիւն չեն ունենար այս կեանքի անցուդարձերուն մասին, նոյնիսկ եթէ անոնք առնչուած ըլլան իրենց անձին: Իսկ սովորական մարդիկ եղջերուի ոտքեր կ’ուզեն հագնիլ, հեռանալու համար զիրենք մտահոգող տաղտուկներէն այս կեանքի:
Եզովպոս իմաստունը սքանչելի առակներ գրած է, որոնց մէջ փոխաբերական իմաստներով բազմաթիւ պատկերներ տուած է ան, մարդկային այս տկարութիւնը մատնանշելով: Ով չի՛ գիտեր, որ հովիւը իր հօտին պահապանն է: Կա՞յ մէկը այս աշխարհի վրայ, որ հովիւին կերպարը կրնայ շփոթել ոչխարներու հօտը հալածողի, տարտղնողի կամ ցրուողի հետ: Ամէնքս ալ գիտենք, որ ան իր կեանքի՛ն իսկ գնով պատրաստ է տէր կանգնելու իր հօտին, պաշտպանելով զայն վերահաս բոլոր տեսակի վտանգներէն: Հովուութեան այս կերպարին մէջ խտացած է անշուշտ անձնազոհութեան գաղափարը: Սակայն, Աստուած մաքուր կենդանիները տուաւ մարդուն «ի վայելումն»:
Հիմա թող Եզովպոսը պատմէ, թէ օր մը ի՞նչ պատահեցաւ: Ան կ’ըսէ, թէ օր մը գայլը տեսաւ, որ հովիւներ խմբովին իրենց վրանին դիմաց նստած, գառնուկ մը կը մորթէին, խնճոյքի մը առիթով ուտելու համար: Քիչ ետք, գայլը նշմարեց նաեւ, որ անոնցմէ ոմանք ի՜նչ մեծ ախորժակով, տակաւին շամփուրներուն վրայէն կիսաեփ միսերը կը լափէին, տաք պատառները լղորճելով իրենց բերնին մէջ ու կլլելով:
Թուփերուն ետին կանգնած, խորովածին բոյրէն սուր դունչը թրջուած եւ լորձունքը բերնին, գայլը ինք իրեն մտածեց ըսելով.
– Եթէ ես ընէի՜ ձեր ըրածը, աշխարհը իրար կ’անցընէիք:
Եւ ճշմարիտ էր գայլին մտածողութիւնը, որովհետեւ հովիւներուն թիրախը ըլլալով, հազիւ անոր ոտքերուն ձայնը առած, պահապան շուներուն հետ, մահակներ ու հրացաններ ի ձեռին, վայնասուն պիտի փրցնէին անոնք, փախցնելու համար հօտին սպառնացող վերահաս վտանգը: Այս պարագային, սակայն, գայլը չէ գառ յօշոտողը, այլ՝ հովիւներ իրենք:
Հին Ուխտի ժողովուրդին կեանքին մէջ, ազգին կրօնական պահպանութիւնը, գէթ աւանդութեանց ճշգրիտ գործադրութեան իմաստով, դպիրներուն ու փարիսեցիներուն «մասնագիտութիւն»ն էր: Աշխատանք մը, զոր անոնք կը հետապնդէին ոգի ի բռին, սակայն շեշտը դնելով ատոր տառացի գործադրութեան վրայ աւելի, քան թէ՝ ոգիին ու օրէնքի իմաստալից կատարումին: Յիսուս իր քարոզութեան ընթացքին սուր քննադատութեամբ յարձակեցաւ Օրէնքի ուսուցիչներու եւ փարիսեցիներու կեղծաւորութեան վրայ: Աւետարանին մէջ յստակ «տիտղոս»ներով ներկայացուած են անոնք Յիսուսի կողմէ. օրինակ՝ կեղծաւոր, կոյր առաջնորդ, յիմար, օձ, իժի ծնունդ, որոնք մժղուկը կը քամեն եւ ուղտը կը կլլեն (հմմտ. Մտ. 23.13-36): Այդ քննադատութիւնը Յիսուս կատարեց, որովհետեւ օրէնքը ուրիշին պարտադրողը, ատոր առաջի՛ն գործադրողը պէտք է ըլլայ: Նոյն «վայեր»ու շարքին մէջ կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի, Օրէնքի ուսուցիչներ, որ դժուարակիր բեռներ կը դնէք մարդոց ուսերուն եւ դուք ձեր մատին ծայրովն իսկ չէք օգներ այդ բեռները կրելու» (հմմտ. Ղկ. 11.46): Ուրիշին ուսին բեռ դնողին առաջին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, օգնել անոր, այդ բեռը կրելու աշխատանքին, այլապէս օրէնքը վատոյժ ու տկար կանոն մը կը դառնայ, անարգուած բոլորին կողմէ:
Գայլերով շրջապատուած ընկերութեան մը մէջ կ’ապրինք ամէնքս: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ջանայ պահպանութիւնը կատարել իր հօտին, անվտանգ պահելու համար զայն օտար յարձակումներէ: Սակայն, կարեւոր է նաեւ անդրադառնալ, որ մենք իբրեւ պահապանները այդ հօտին, մեր դերակատարութեան մէջ կը թերանա՞նք: Որովհետեւ գայլերը կրնան մեղադրել մեզ օր մը ըսելով. Եթէ ձեր ըրածը մե՜նք ընէինք… աշխարհը իրար պիտի անցընէիք: