Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ 17 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը ձգտի Հայաստանի հետ խաղաղութեան եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Ան այս մասին գրառում մը կատարած ՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ։
Ընդգծելով, թէ ԵԱՀԿը չկրցաւ լուծել հակամարտութիւնը՝ Հաճիեւ Մինսքի խմբակը մեղադրեց ձախողութեամբ` շեշտելով, որ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան «ձեւաչափը տապալեցաւ», որովհետեւ անոր առաքելութիւնը « Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի բռնագրաւումը պահպանելը եւ շարունակելն էր»։ Ան նաեւ մատնանշեց, որ Միացեալ Նահանգները Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն էր։
«Ռազմական բռնագրաւումի եւ անարդարութեան այս էջը այժմ փակուած է», գրած է Հաճիեւ՝ նշելով, որ Ատրպէյճանի օրակարգը այժմ ուղղուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմը։
«Սակայն որեւէ խաղաղ ներգրաւուածութիւն կը պահանջէ, որ երկու կողմերը իրենց դերակատարութիւնը ունենան, Հայաստան նոյնպէս պէտք է իր դերը կատարէ եւ բարի կամք դրսեւորէ։ Այժմ տարածաշրջանին մէջ յայտնուած են նոր իրողութիւններ եւ սթաթիւս քօ (իրողական վիճակ)։ Այս նոր իրողութիւնները հիմնուած են արդարութեան եւ օրինականութեան վրայ», կ՛եզրափակէ Հաճիեւ։