

Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քլկ.) Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի երիտասարդներու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան կրցաւ գրաւել առաջին դիրքը` բարձրացնելով 188 քլկ. (81+107 քլկ.):
Հայ մարզիկը 107 քլկ. բարձրացնելով՝ ոսկի փոքր մետալ մըն ալ շահեցաւ:
Միւս կողմէ, Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի 22 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականէն Էլիտա Քոչարեան ոսկի մետալ մը շահեցաւ:
Աւարտականին Էլիտա 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ ռումանացի Անտրէա Մարինի դիմաց, 60 քլկ. կշիռքի դասակարգին մէջ: