«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի «Արդ Եւս»ը արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրն է։
Մշակոյթը էական միջոց մըն է ժողովուրդի մը եւ անոր լեզուին զարգացումին։ Մշակոյթը, ինչպէս ժառանգութիւնը, ինքնութեան եւ արժէքներու կերտումի համակարգ մըն է, որ պարտինք զարգացնել՝ստեղծելու աւելի կայուն շրջանակներ եւ զանոնք ընդլայնելու, որպէսզի խթանենք երկարաժամկէտ, մարդակեդրոն եւ կենսոլորտային կայուն զարգացումի յարացոյցերը:
Իբրեւ արտայայտութեան, հաղորդակցութեան եւ մտածողութեան զարգացումի միջոց՝ մշակոյթը որոշիչ դեր մը կը խաղայ միտքի հրահրումի եւ գործողութիւններ ներշնչելու ընթացին վրայ՝ ինքզինք ձեւաւորելով եւ անընդհատ թարմացնելով: Մշակոյթը լուսարձակի տակ կ՛առնէ իրականութիւններ, դիմակայութիւն կը ներշնչէ, նոր պատումներ կը ստեղծէ, մարտահրաւէր կը նետէ եւ կը հանգեցնէ ընկերային բարեփոխումներու: Մշակութային եւ արուեստի կիրարկութիւնները կ՛օգնեն լուծել կամ բարձրացնել զանազան հարցեր, ինչպէս՝ անհաւասարութիւնը եւ խտրականութիւնը եւ հանդէս կու գան իբրեւ մղօն դրական փոփոխութեան: Իբրեւ իրազեկութեան հզօր միջոց՝ մշակոյթի եւ արուեստի գործածութիւնը ի շահ հայ ժողովուրդին կը դառնայ հրամայական մը, հայերէնո՛վ դիմակայելու տեղական եւ միջազգային հարցերը:
Ընկերային դրական փոփոխութիւններու շարժիչ ուժը իրական կիրարկութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցող գաղափարները եւ գործողութիւններն են։ Մշակոյթը կը խթանէ դիմակայութիւնը եւ հաստատուածութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալով համայնքային հզօրացումին եւ մասնակցութեան. «Արդ Եւս»ի միջոցով՝ Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը փորձէ հայկական աշխարհին մէջ եւ հայերէնով, ասոր հասնելու անհրաժեշտ պայմանները ստեղծել։
Այս տարի, «Արդ Եւս» արեւմտահայ մշակոյթի նպաստի ծրագիրը կը ձգտի զարգացնել այն հսկայական ներուժը որ մշակոյթը ունի՝ փոխակերպելու հասարակութիւնը եւ դիմագրաւելու զանազան մարտահրաւէրներ, միաժամանակ թարմացնելով լեզուն, որմով անիկա կը փոխանցուի, նաեւ թարմացնելով ինքզինք, այսինքն նոյնինքն մշակոյթը: Արեւմտահայերէնը կը գործածուի, ուրեմն, ստեղծելու մշակոյթ մը, որ կայուն յառաջընթացի շարժիչ ուժն է. իմաստի, կենսունակութեան եւ ստեղծագործութեան աղբիւրն է. մարտահրաւէրներ դիմակայելու միջոց մը: Նպատակն է՝ ունենալ երկարաժամկէտ կենսունակ հայկական մշակոյթ մը, ինչպէս նաեւ աւելի կայուն համայնքներ՝ աւելի հզօր հիմնարկներով եւ անհատներով:
Արեւմտահայ մշակոյթի այս նպաստին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ դիմելու համար այցելել կայքէջը։
Դիմումի վերջնաժամկէտը՝ 31 Յունուար 2024։
(Հաղորդագրութիւնը՝ հիմնարկութենէն)