«Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆՔ, ՈՐ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀՄԸՄ-Ի «ՀՐԱՇՔ»Ը ԸՆՁԻՒՂՈՒԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ», ԸՍԱՒ ԹՈՐԳՈՄ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը եւ ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեանը, Ազգային առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան Լիբանանէն ժամանած ատենապետին՝ Յակոբ Խաչերեանի, ընկերակցութեամբ նոյն վարչութեան Լոս Անճելըսէն անդամներ Վիգէն Աբէլեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի:
Շահեկան հանդիպումին ընթացքին ծաւալած զրոյցը ընդգրկեց ազգային եւ միութենական կեանքը յուզող զանազան հարցեր, որոնց յիշատակումը կատարուեցաւ սրտցաւօրէն, մինչ առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայոց համազգային կեանքին մէջ ՀՄԸՄի դերին եւ տեղին եւ առաջարկեց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ նոյն կազմակերպութեան կողմէ ստեղծուած «Հրաշք» միաւորը, որ իր շուրջը կը խմբէ տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներ ու պատանիներ, իբրեւ դրական փորձ ու արձագանգ՝ ընձիւղի ընդհանրապէս հայ գաղութներու եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի գաղթօճախներուն մէջ:
Իբրեւ գործնական արտայայտութիւն բարոյականի կողքին նաեւ նիւթական աջակցութեան՝ առաջնորդ սրբազանը մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ Ազգային առաջնորդարանին մէջ հիմնուած «Յատուկ կարողութիւններով օժտուած մանուկներու հիմնադրամ»էն 10,000 տոլար դրաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան տրամադրութեան տակ: Այս առիթով, Ազգային վարչութիւնը այլապէս ալ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց ՀՄԸՄին:
Հուսկ, ՀՄԸՄական այցելուները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան, շնորհաւորեցին անոնց Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա գործակցութիւնը շարունակելու հեռանկարը վերածեցին համահայկական հնչեղութեամբ օժտուած ջերմ մաղթանքի: