25 Դեկտեմբերի կէսօրին, Ֆրանսիս պապը, ըստ աւանդութեան, Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին եւ ամբողջ աշխարհին ուղղեց Ս. Ծնունդի պատգամը՝ յիշելով այն երկիրները, որոնք կը տառապին հակամարտութիւններու եւ անարդարութիւններու պատճառաւ, դատապարտելով սպառազինութիւնը. ան հրաւիրեց ըլլալ ձայնը անոնց` որոնք ձայն չունին, սկսեալ անմեղներէն, գործազուրկներէն եւ իրենց հայրենիքէն փախուստ տուողներէն։ ««Այո՛» ըսենք խաղաղութեան եւ «ո՛չ» պատերազմին եւ մեր սիրտը բանանք Փրկիչ եւ Խաղաղութեան Իշխան Յիսուսին», ըսաւ պապը։
Հայաստանին ուղղուած պատգամին մէջ ան ընդգծեց հետեւեալը. «Թող մօտենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան օրը. կը մաղթեմ, որ տեղահանները վերադառնան իրենց տուները՝ օրինական եւ ապահով պայմաններու մէջ, եւ յարգուի կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը»։