Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի անկախ թեկնածու Ռապըրթ Քենետի Կրտսեր հրապարակուած տեսանիւթով մը խոստացաւ, որ իր վարչակազմը միջազգային համայնքը պիտի մղէ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի դէմ՝ ապահովելու համար հայերու ապահով վերադարձը Արցախ եւ աջակցելու արցախահայերու ինքնորոշման իրաւունքին։
«Ցեղային զտումներու (Ատրպէյճանի – Խմբ.) այս քաղաքականութեան դատարկ դատապարտումները բաւարար չեն։ Ի տարբերութիւն 1915ի Ցեղասպանութեան, այս մէկը անշրջելի չէ։ Ամերիկայի կառավարութիւնը պէտք է կազմակերպէ եւ մղէ համաշխարհային հանրութեան՝ քայլեր ձեռնարկելու, որպէսզի ապահովուի հայերու ապահով վերադարձը Արցախ եւ պաշտպանելու անոնց ինքնորոշման իրաւունքը։ Այս այն պարագաներէն է, երբ խաղաղ պատժամիջոցները կրնան արդիւնք տալ: Ամերիկա ունի լծակներ այդ տարածաշրջանին մէջ եւ զանոնք կրնայ օգտագործել՝ սրբագրելու այս ողբերգութիւնը: Մենք նաեւ պէտք է ձգտինք Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացման», կը յայտնէ Քենետ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս կոչը՝ աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւններու ամէնէն հաւանական թեկնածուներէն երկուքը՝ նախագահ Ճօ Պայտըն եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ զինած են Պաքուն, նպաստելով անոր կողմէ Արցախի հայերու ցեղասպանութեան»։