Ռուսական զէնքի խմբաքանակ մը արդէն Հայաստան հասած է։ Այս մասին «Ազատութեան»ը փոխանցեց խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Գագիկ Մելքոնեան:
Ըստ անոր՝ այդ խմբաքանակը Հայաստանին փոխանցուեցաւ Ռուսիոյ հետ աւելի կանուխ կնքուած համաձայնագիրի մը ծիրին մէջ:
Նախորդող օրերուն, Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան Հանրայինի եթերէն պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստան պատուիրուած ռուսական զէնք կը ստանա՞յ՝ ըսաւ՝ «Ինչ-որ մասնաբաժնով՝ այո՛: Ինչ-որ բան տալիս են, էն ծաւալով չէ, որ մենք ակնկալում ենք` մեր կնքած պայմանագրի ծաւալի առումով, բայց դրանք ընթացքում կը կարգաւորուեն, համոզուած եմ»:
44օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչները, որոնց կարգին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պարբերաբար դժգոհեցան, որ ռազմավարական դաշնակիցը սպառազինութիւն չի մատակարարեր, հակառակ անոր որ անոնց համար հարիւրաւոր միլիոններ վճարուած են: