
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ նախկին պետական նախարար ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան Ուաշինկթըն կատարած իրենց երկշաբաթեայ այցելութեան ընթացքին, բարձրաստիճան քոնկրեսականներու, վարչակազմի պաշտօնատարներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու կոչեր ըրին՝ Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ Արցախի 150,000 հայութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան համար, ինչպէս նաեւ աջակցելու բռնի տեղահանուած արցախցիներուն՝ ապահովելու համար անոնց ապահով վերադարձը:
Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ, Ստեփանեան եւ Բեգլարեան հանդիպումներ ունեցան առաւել քան 60 քոնկրեսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, այն օրերուն, երբ Քոնկրեսին ներկայացուեցան հայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն խիստ կարեւոր երկու բանաձեւեր, որոնց նպատակն է՝ դադարեցնել ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանի ցեղասպան վարչակարգին եւ վերջինս պատասխանատուութեան ենթարկել՝ իր ոճիրներուն համար:
Հանդիպումներուն ընթացքին, Ստեփանեան եւ Բեգլարեան իրենց անձնական վկայութիւնները ներկայացուցին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի տասը ամիս տեւած շրջափակման դաժան իրողութիւններուն մասին, որոնք առաջնորդեցին Արցախի հայաթափման։


Արցախցի հիւրերը նաեւ կարեւոր համարեցին Արցախի ցեղասպանութեան համար Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելը, կարեւոր համարելով յատկապէս՝
– Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու սահմանումը՝ հիմնուելով Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 3000 բանաձեւին վրայ, որ կը պարտադրէ թիւ 907րդ յաւելուածին ամբողջական կիրառումը։
– Ամերիկեան օժանդակութիւն Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան եւ անոնց ապահով վերադարձի երաշխաւորումը։
– Ամերիկեան եւ միջազգային ջանքերու ընդլայնումը՝ օգնելու Պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակումը։
– Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանումը։
Ստեփանեան եւ Բեգլարեան ընդգծեցին, որ առանց միջազգային ջանքերու՝ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման եւ առանց կատարուած ոճիրներուն համար պատասխանատուութեան ուղղութեամբ, տարածաշրջանին մէջ անկարելի պիտի ըլլայ կայուն խաղաղութիւն հաստատել։ Անոնք նաեւ ընդգծեցին, որ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ բորբոքած համակարգային հակահայկական ատելութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ՝ ապահովելու համար հակամարտութեան կարգաւորումը եւ տարածաշրջանին կայունութիւնը։
Բեգլարեան եւ Ստեփանեան նաեւ մասնակցեցան Կրօնքի ազատութեան միջազգային գագաթնաժողովին, որուն համանախագահներն էին՝ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու Ամերիկայի նախկին դեսպան Սեմ Պրաունպեք (2018-2021) եւ մարդկային իրաւունքներու «Լանթոս» հիմնարկի նախագահ Քաթրինա Լանթոս Սուէթ:


Կրօնական կազմակերպութիւններու եւ Ամերիկայի կառավարութեան պաշտօնատարներուն դիմաց ելոյթին ընթացքին, Ստեփանեան ըսաւ հետեւեալը. «Ես այսօր ձեր առջեւ խօսում եմ ոչ միայն որպէս իմ ժողովրդի մարդու իրաւունքների պաշտպան, այլ որպէս ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ վկայ։ Աշխարհն ականատես է լինում Արցախի քրիստոնէական եւ համաշխարհային ժառանգութեան, նրա հնագոյն եկեղեցիների եւ սրբագործուած գերեզմանների համակարգուած բնաջնջմանը»: Ստեփանեան յորդորեց համախմբուիլ եւ ծառայել՝ իբրեւ «վահան, որը պաշտպանում է խոցելիներին, ձայն, որը խօսում է լռածների համար եւ լոյս, որը թափանցում է մշակութային ջնջման խաւարը: Միայն այդ դէպքում կարող ենք ապահովել, որ Արցախի հոգին, նրա հինաւուրց ու քրիստոնէական սուրբ ժառանգութիւնը յաւէրժ չկորչի»։

Բեգլարեանի եւ Ստեփանեանի այցելութիւնը իրականացաւ 120․000 Reasons միութեան ջանքերուն շնորհիւ. միութեան աջակցեցան «Թուֆենկեան» հիմնարկը եւ Philos Project կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւել քան 20 իրաւապաշտպան, կրօնական եւ ցեղային կազմակերպութիւններ։
Արցախի ներկայացուցիչները մասնակցեցան նաեւ Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի իրաւաբանութեան ուսանողներուն կազմակերպած քննարկումին, ուր անոնք խօսեցան Արցախի տեղահանուած բնակչութեան առջեւ ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքական ու իրաւական անմիջական քայլերու անհրաժեշտութեան մասին:
Ստեփանեան եւ Բեգլարեան քննարկումներ ունեցան նաեւ Ամերիկայի արտաքին գործոց եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ աւելի ուշ՝ Նիւ Եորքի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու եւ համայնքային ղեկավարներու հետ հանդիպումներ ունեցան։
Յիշեցնէնք, որ աւելի կանուխ, Ստեփանեան եւ Բեգլարեան հանդիպումներ ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու պաշտօնատարներու հետ, Հայ իրաւաբաններու միութեան կողմէ կազմակերպուած քննարկումներու եւ համայնքային այլ հանդիպումներու ընթացքին։