Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարին, Իսրայէլի Սաֆատ քաղաքին մէջ շէնք մը ռմբակոծուեցաւ, որուն պատճառով սպաննուեցաւ իսրայէլացի զինուոր մը, եւ վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Հըզպալլա»ն ռմբակոծեց Սաֆատը եւ պատճառեց մարդկային վնասներ:
Մինչ «Հըզպալլա»ն Սաֆատը ռմբակոծելու գործողութիւնը չստանձնեց, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց յայտնեց, որ Սաֆատի ռմբակոծման պատասխանատուն միայն «Հըզպալլա»ն չէ, այլ նաեւ Լիբանանի պետութիւնը:
Նոյն գէշերը՝ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը թիրախ դարձուց Նապաթիէի մէջ գտնուող երեք յարկանի շէնք մը եւ գործեց սպանդ մը:
Նապաթիէի ռմբակոծումը պատճառեց առնուազն 10 զոհեր, ներառեալ՝ 4 հոգինոց ընտանիք մը։
Իսրայէլ կը պնդէ, թէ յարձակումին թիրախը «Հըզպալլա»ի ղեկավարներէն Ալի Տըպըսն էր, որ արձանագրուած զոհերուն շարքին է։
Ուրբաթ օր, «Հըզպալլա»ի ղեկավար սէյտ Հասան Նասրալլա սպառնաց իւրաքանչիւր զոհի համար Իսրայէլի դէմ վրէժի քայլերու դիմել։