Իրանի վերջնական դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել տարածաշրջանային երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, յայտարարեց Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իրանի դիրքորոշումը «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ փոխուա՞ծ է։
«Իրանի Իսլամական հանրապետութեան վերջնական դիրքորոշումը այն է, որ ոչ մէկ կերպով կրնանք ընդունել տարածքային փոփոխութիւն։ Որեւէ տարածքային փոփոխութիւն պէտք է տեղի ունենայ երկու երկիրներու փոխադարձ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիմքով։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան վերջնական դիրքորոշումը այն է, որ պէտք է յարգել տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը», ընդգծեց Սոպհանի, ըստ որուն, Իրանի համար անընդունելի է տեսնել Հայաստանի շուրջ լարուած իրավիճակ։
«Բոլոր կողմերուն կ՛աջակցինք, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ ջերմ եւ խաղաղ յարաբերութիւններ հաստատուին։ Մենք վստահ ենք, որ միակ ճանապարհը խաղաղ յարաբերութիւններ եւ բարեկամական երկխօսութիւն ունենալն է», եզրակացուց Սոպհանի։