28 Մայիսին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովին մասնակցողները՝ առաջնորդութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, ներկայացնելով հիւրերը՝ վեհափառին խորհրդաժողովին աշխատանքներուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Գարեգին Բ. կարեւոր նկատեց խորհրդաժողովին աշխատանքները՝ ի խնդիր հայրենիքի եւ ազգի զաւակներու իրաւունքներու պաշտպանութեան: Ան մասնաւորապէս անդրադարձաւ հայրենիքին առջեւ ծառացած ներկայ հարցերուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութեան:
Յատկապէս կարեւոր նկատուեցան Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացումը եւ համազգային ներուժի ծառայեցումը՝ յանուն հայրենիքի զօրացման ու ապահով կեանքի կերտման:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Հայ Դատի գրասենեակին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն, արցախահայերու արդար իրաւունքներու բարձրաձայնման եւ հետապնդման ու հայրենանուէր եւ ազգօգուտ այլ իրագործումներու համար:
Աւարտին կաթողիկոսը պատասխանեց հիւրերուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցերուն, հայ ռազմագերիներու վերադարձին գծով Մայր աթոռին կողմէ տարուող աշխատանքներուն եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն: