Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք «Պրիմակովեան ընթերցումներ» միջազգային գիտափորձագիտական 10րդ համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵԱՏՄ) անհամատեղելի են, եւ արտատարածաշրջանային դերակատարներու՝ Հայաստան մուտքը հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի քաղաքական սլաքը հետզհետէ աւելիով կը թեքի դէպի Արեւմուտք:
«Կայ կէսկատակ մը, զոր Նիկոլ Վովաեւիչ ըսաւ իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ կարելիութիւն ունենար ինքնուրոյն ընտրել, ե՛րբ կ՛անդամակցէր Եւրոպական Միութեան, Փաշինեան կատակեց`այս տարի: Նաեւ քննարկումներ կ՛ընթանան Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ հանրաքուէ մը իրականացնելու շուրջ», ըսաւ Օվերչուք՝ մատնանշելով հայ հասարակութեան՝ Ռուսիոյ նկատմամբ որոշ դժգոհութիւնները:
«Յամենայն դէպս, այդպիսի տեսակէտ կայ, եւ այդ մէկը պէտք է հասկնալ: Բայց պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Եւրոպական Միութիւնը եւ ԵԱՏՄը անհամատեղելի են: Այն օգուտները, զորս որեւէ երկիր կը ստանայ Ռուսիոյ հետ մերձեցումէն, պէտք է ընկալել իբրեւ վճար, զոր մենք կու տանք մեր ապահովութեան եւ ռազմավարական խորութեան համար:
Հետեւաբար, արտատարածաշրջանային խաղացողներու հոս գալը, անշուշտ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մենք հոս նուէրներ չենք բաժներ: Մենք հետաքրքրուած ենք կայուն Հայաստանով, լաւ առեւտրական յարաբերութիւններով, լաւ եղբայրական յարաբերութիւններով», յայտնեց Օվերչուք։