
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի գլխաւորութեամբ` մօտաւորապէս 50 հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած նամակով մը յորդորեցին Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն, որ առաջնահերթութիւն տան Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայկական ժառանգութիւն ունեցող վայրերու պաշտպանութեան, յատկապէս ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ դիւանագիտական շփումներուն ընթացքին։
«Ատրպէյճանի ցեղասպանութեան մտադրութիւնը շատ յստակ կը դառնայ Արցախի մէջ հայկական քաղաքակրթութեան հետքերը ոչնչացնելու՝ անոր համակարգուած ջանքերուն ընդմէջէն։ Անոնք կը հետեւին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւններու օրինակին։ Կ՛ողջունենք քոնկրեսական Շիֆի ղեկավարութիւնը՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը ապահովելու գործին մէջ եւ կը գնահատենք անոր շարունակական ջանքերը՝ մարդկութեան դէմ կատարած իր յանցագործութիւններուն համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ կան յստակ ապացոյցներ, որ Ատրպէյճան Արցախի մէջ հայկական մշակոյթը ջնջելու ռազմավարութիւն որդեգրած է եւ յոյժ կարեւոր կը նկատուի անմիջական քայլեր որդեգրելը՝ Պաքուի ապագայ գործողութիւնները կանխելու համար։
Նամակին մէջ մասնաւորապէս կ՛ընդգծուի, որ 1997էն 2011, Նախիջեւանի հայկական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացում կատարուած է, իսկ վերջերս, Շուշի քաղաքի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին (Կանաչ ժամ) քանդուած է: Կը նշուի, որ Պաքու յաճախ կը փորձէ քօղարկել հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը` իր գործունէութիւնը անուանելով «պատմական» վայրերու «վերականգնում», ինչպէս նաեւ ջնջելով հայկական ժառանգութիւնը՝ պնդելով, որ վայրերը «կովկասեան ալպանական» կամ «աղուանական» ծագում ունին: Շուրջ 500 հայկական մշակութային ժառանգութեան վայրեր վտանգի տակ են, ներառեալ՝ աշխարհի ամէնէն հին եկեղեցիներ եւ վանքեր, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ ընդգրկուած են Մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ։
«Շիֆի նամակը ծնունդ առաւ ամերիկացի դեսպան Մարք Լիպիի Շուշի կատարած այցելութեան պատճառով։ Միայն չորս օր առաջ, դեսպան Լիպի յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի քարոզչական ցուցադրութեան, երբ անոր հարցուցած էին, թէ կը ծրագրէ՞ այցելել 2020ի Արցախեան պատերազմի եւ Սեպտեմբեր 2023ին Արցախի բռնագրաւեալ շրջանները։ Անոր Շուշի այցելութիւնը կը նպաստէ Ատրպէյճանի ցեղասպանական վարքագիծին՝ վտանգելով ամերիկեան դիւանագիտութեան նկատմամբ վստահութիւնը», կ՛եզրակացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։