Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կը մասնակցի բարեկամական մրցաշարքի մը եւ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ:
Երկու մրցումներ կատարած Հայաստանի հաւաքականը երկուքին ալ կարեւոր յաղթանակներ արձանագրեց:
Առաջին մրցումին, Հայաստան 89-57 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Կուաթեմալայի ազգային խումբին դէմ:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան:
Յաջորդ մրցումին, մրցակիցը աւելի լուրջ էր` Իրլանտան: Սուր մրցակցութեամբ յատկանշուած մրցումը աւարտեցաւ 92-91 արդիւնքով՝ ի նպաստ Հայաստանի: Անտրէ Մկրտչեան շահեցաւ Լաւագոյն մարզիկի (Էմ.Վի.Փի.) մրցանակը: