Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 26 Յունիսին յայտարարեց, որ Ռուսիան եկաւ, Արցախը յանձնեց Ատրպէյճանին եւ վերադարձաւ Ռուսիա:
«Կառուցելով ապագան» նշանաբանով «Ապրի» ֆորումին ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ եղած փոփոխութեան մասին՝ Գրիգորեան ըսաւ. «Երբ Հայաստանն ամբողջութեամբ կախուած էր Ռուսաստանից, պատերազմ չե՞նք ունեցել` ունեցել ենք: Եկէք արձանագրենք, որ մինչեւ այս գոյութիւն ունեցող իրավիճակի պատճառով ենք մենք յայտնուել պատերազմում: Մենք փորձել ենք այս փոփոխութիւններով կայունութիւն բերել ու համոզուած ենք, որ այս փոփոխութիւնները կայունութիւն են բերելու»։
Գրիգորեան պնդեց, որ Ռուսիա ինք Հայաստանի ձեռքէն առաւ Արցախը: «Սա է տեղի ունեցել, երբ մենք ամբողջովին կախուած էինք Ռուսաստանից: Ռուսաստանը եկել, մեր ձեռքից վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը, վերադարձրել է Ադրբեջանին, յետոյ ետ գնացել, սա է ամբողջ իրականութիւնը: Ես պնդում եմ` Ռուսաստանը վերցրել է Լեռնային Ղարաբաղը», ըսաւ ան` շեշտելով, որ առանց Ռուսիոյ թոյլտուութեան` պատերազմ տեղի չէր ունենար:
ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
«ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ Դաշնակցութեան խորհուրդի միջազգային հարցերու կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասին պատասխանեց Գրիգորեանին՝ շեշտելով. «Ռուսիա Լեռնային Ղարաբաղը չյանձնեց Ատրպէյճանին»։ Ան նշեց, որ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին ըսածը ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան։
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա ըսաւ, որ Արմէն Գրիգորեան կը նուաստացնէ իր ժողովուրդը, Ռուսիան մեղադրելով Արցախի կորուստին համար:
«Իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներ` այսպիսի գործիչներ կը նուաստացնեն իրենց ժողովուրդը: Հայաստանի քաղաքացիները պաշտպանեցին իրենց տարածքը, տուին իրենց կեանքը եւ ասիկա նկատեցին պատմական կարեւորութիւն: Հայաստանի` իբրեւ պետութիւն գաղափարախօսութիւնը երկար տարիներ կառուցուած է ինքնին այս թէզերուն վրայ: Անոնք գիտէին, թէ ինչո՛ւ կ՛երթան մարտի, ինչո՛ւ կը զոհաբերեն իրենց բարեկեցութիւնը, իրենց կիները եւ զաւակները կը դատապարտեն այրիութեան ու որբութեան: Եւ ինչպէս կարելի է անոնց յիշատակը դաւաճանել այդքան շնական կերպով` զերոյի հաւասարեցնելով ամէն բան, որ նախապէս, կը կարծեմ հիմա նոյնպէս, Հայաստանի մէջ սխրագործութիւն կ՛անուանէի՛ն», ըսաւ Զախարովա։
Ան նաեւ խօսեցաւ «ժամանակաւոր կառավարողներուն մասին, որոնք ակնյայտօրէն կը սնանին դուրսէն» եւ կը վիրաւորեն իրենց ժողովուրդը:
«Ինծի համար զարմանալի է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կրնան իրենց բազմաչարչար ազգի պատմական յիշողութեան հետ այդքան նուաստացուցիչ կերպով վերաբերիլ», աւելցուց Զախարովա։
ՊԱՔՈՒ ՆՈՅՆՊԷՍ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ, մեկնաբանելով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի վերջին յայտարարութիւնները, ըսաւ, որ անոնք այդ երկրի նախորդ եւ ներկայ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մեղքը քօղարկելու, զայն ուրիշներուն վրայ բարդելու եւ ինքնաարդարացման նպատակ ունին։
«Ցաւով պէտք է արձանագրենք, որ այսպիսի յայտարարութիւններ Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մտածելակերպին մէջ վրէժխնդրական պատրանքներու պահպանման արտացոլումն են», նշեց Հաճիեւ։