8էն 11 Յուլիսին Հայաստան այցելող Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր 9 Յուլիսին, «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ մեծ պատիւ է երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստան այցելելը:
«Նոր վայրէջք կատարեցի Երեւան: Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ընդարձակուող գործընկերութեան այս նշանակալի պահուն, ինծի համար մեծ պատիւ է վերադառնալ Հայաստան: Վերջին տարուան ընթացքին ասիկա իմ երկրորդ այցելութիւնս է», գրած է ան՝ յայտնելով, որ կ՛ակնկալէ այցելութեան ընթացքին ուսումնասիրել համագործակցութեան խորացման կարելիութիւնը:
Նոյն օրը ան ժենգեալով հաց պատրաստեց արցախցի կիներու հետ, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած «Թէյսթ աֆ Արցախ» ուտելիքի կեդրոնին մէջ, որ աջակցութիւն ստացած է Միջազգային զարգացման գործակալութենէն:
Արցախցի կիներ անոր ծանօթացուցին ժենգեալով հացի պատրաստութեան ձեւը եւ բացատրեցին, որ միջուկը կը պատրաստուի 13 տեսակի բանջարեղէնէ, ինչ որ զարմացուց Փաուըրը: Ապա Փաուըր անձամբ պատրաստեց Արցախի աւանդական ժենգեալով հացը:
«Թէյսթ աֆ Արցախ»ի հիմնադիր տնօրէն Միհրան Բաղդասարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ հետեւեալը. «Թէյսթ աֆ Արցախ»ը ստեղծուել է 2020ի 44օրեայ պատերազմից յետոյ: Շուրջ 3 տարի է, ինչ տեղափոխուել են Երեւան: Այս պահին ընկերութեան աւելի քան 10 աշխատակիցների մեծ մասը Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանուած անձինք են: Մեր արտադրանքն արցախեան աւանդական ժենգեալով հացն է: Ներկայ պահին ունենք շուրջ 12 տեսակի ժենգեալով հաց»։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութեան եւ համագործակցութեան համար, որ սկսած է նախորդ տարուան Հոկտեմբերին: Ըստ Բաղդասարեանի՝ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ընկերութեան յառաջընթացին համար մեծ արդիւնք տուած է, թոյլ տուած է նաեւ աւելցնելու աշխատատեղերը:
Փաուըր ժենգեալով հաց պատրաստելէ ետք, հանդիպում ունեցաւ եւ զրուցեց Արցախէն տեղահանուած անձերու հետ։