Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան՝ շեշտելով, որ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար առաջին հերթին անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոխուին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ պահանջներ պարունակող դրոյթները:
Խօսքը, ըստ Ալիեւի, մասնաւորաբար, Ղարաբաղի միացումը Հայաստանին ապահովող դրոյթին մասին է:
Այս հարցը քննարկուեցաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումին ընթացքին: