Կոտայքի մարզին մէջ, ուսումնավարժական թռիչքի մը ընթացքին ուղղաթիռ մը կործանեցաւ՝ պատճառելով 2 զոհեր։ Այս մասին յայտնեցին ներքին գործոց նախարարութենէն:
Նշուեցաւ, որ արկածին մասին ահազանգ ստացած են առաւօտեան 9:30ին, թէ Եղուարդ քաղաքի մօտակայքը` Լճեր կոչուող տարածքին մօտ ուղղաթիռ մը ինկած է:
Աւելի ուշ պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ արկածին պատճառով զոհուած են աւագ սպայ Արմէն Խաչիկի Իսախանեան եւ զինուորական դպրոցի սան Արմէն Կարէնի Խաչատրեան: