24 Յուլիսին տեղի ունեցաւ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցութեան նախապատրաստութեան ծիրին մէջ, 15էն 24 Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած «Արծիւ գործընկեր-2024» Հայաստան-Ամերիկա միացեալ զօրավարժութիւններու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն։
Ղեկավար կազմը շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին` արդիւնաւէտ գործակցութեան, միացեալ վարժութիւններու յաջող իրականացման եւ փորձառութեան փոխանակման համար:
