
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ 18 Յուլիսին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ, երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` փորձելով վերաշխուժացնել կողմերուն միջեւ խաղաղութեան շուրջ ընթացող բանակցութիւնները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ «Փոլիթիքօ»ն` վկայակոչելով երկու բարձրաստիճան դիւանագէտներուն հետ ունեցած զրոյցը:
Ըստ աղբիւրին` Շարլ Միշէլ կը վերահսկէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն, որովհետեւ պատերազմէն տուժած տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կ՛աւելնայ:
Միշէլ նաեւ նամակ գրած է երկու կողմերուն` կոչ ուղղելով՝ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան եւ աւարտին հասցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրը` յառաջընթաց արձանագրելով տակաւին չլուծուած հարցերու մէջ, ինչպէս օրինակ՝ սահմաններու սահմանազատումը:
Թերթը կը տեղեկացնէ, որ սակայն, Պրիւքսէլի մէջ հիասթափութիւնը կ՛աւելնայ, մանաւանդ որ ամիսներ տեւած ձգձգումները եւ դիւանագիտական փակուղին լ չկրցան երկար սպասուած զինադադարը իրականութիւն դարձնել:
«Հակառակ Միշէլի հետ հանդիպումներուն` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չկրցան կարելիութիւն գտնել բանակցութիւններու սեղանին նստելու համար` առճակատման մէջ զիրար մեղադրելով: Վերջապէս, երկու կողմերն ալ պէտք է դադրին խաղեր խաղալէ եւ կնքեն համաձայնագիրը, որովհետեւ նախագահ Միշէլ՝ Եւրոպական Միութեան ուժերու սահմաններուն մէջ ըրած է կարելի ամէն ինչ` խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու ուղղութեամբ», կը նշէ Միշելին մօտիկ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան դիւանագէտ մը: