Ռուսիոյ ապահովական դաշտային ծառայութեան սահմանային վարչութեան ներկայացուցիչները տասնամեակներ ետք, հայկական կողմին փոխանցեցին «Զուարթնոց» անցակէտին վրայ, պետական սահմանի պաշտպանութեան գործառոյթները, յայտնեց «Սփութնիք Արմէնիա»ն:
Որոշումին հիմք կը հանդիսանայ հայկական կողմին 1 Մարտ 2024ի դիմումը` «Զուարթնոց» օդային անցակէտին նկատմամբ սահմանային հսկողութիւնը ամբողջութեամբ (1992էն ծառայութիւնը կը կատարուի միացեալ) Հայաստանի սահմանապահ զօրքերու իրաւասութեան յանձնելու մասին:
Արձանագրութիւնը ստորագրեցին Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էդգար Յունանեան եւ Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ ապահովական դաշտային ծառայութեան սահմանային վարչութեան պետ, զօրավար Ռոման Կոլուպիցքի:
Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մաքսիմ Սելեզնեով յիշեցուց, որ «Զուարթնոց» օդակայանի անցակէտին վրայ նախ խորհրդային, ապա ռուս եւ հայ սահմանապահները 60 տարիներ հսկած են: