Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու գծով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար առաւել կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի մը համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը կարեւոր տարր նկատեց: Ան այս մասին գրած է «Էքս»ի իր էջին վրայ։
«Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վրայ նախօրէին տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը` Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ. Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ հաղորդակցութիւններու վերաբացումն էական տարրեր են առաւել կայուն եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի մը համար», կ՛ըսէ Քլաար։