Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կ՛օգնէ, որ Հայաստան խիզախ քայլերու ձեռնարկէ Ռուսիայէն հեռանալու հարցին մէջ։
«Ռուսիան երաշխաւորած էր Հայաստանի ապահովութիւնը 2020ի պատերազմէն ետք եւ ձախողեցաւ, երբ Ատրպէյճանին վերադարձուց Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջանները: Անկէ ետք Հայաստանի բնակչութեան մեծ մասը կը փափաքի աւելիով հեռանալ Ռուսիայէն: Հետեւաբար, մենք պայմաններ կը ստեղծենք, որպէսզի անիկա իրականանայ», ըսաւ Օ՛պրայըն։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, 30 Յուլիսին տեղի ունեցած լսումներուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Օ՛պրայըն նշեց, թէ նախորդ ամիսներուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին եռակողմ հանդիպումը յատկացուած էր ինքնին Ռուսիայէն Հայաստանի կախեալութիւնը նուազեցնելուն: Այդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք, ինչպէս յայտարարած են կողմերը` Պրիւքսէլ պատրաստակամութիւն յայտնեց Երեւանին յառաջիկայ 4 տարիներուն 270 միլիոն եուրոյի, իսկ Ուաշինկթըն 65 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադրել:
«Հայաստան տնտեսապէս եւ ուժանիւթի առումով գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ է Ռուսիայէն: Մենք պէտք է այլազանութիւն եւ տարբեր ուղղութիւններ բերենք, որպէսզի Փաշինեանի գլխաւորութեամբ առնել ըլլայ կատարել այն խիզախ քայլերը, որոնք զանոնք պիտի հեռացնեն Ռուսիայէն», յայտարարեց Օ՛պրայըն` Հայաստանի ձեռնարկած «խիզախ քայլերէն» առանձնացնելով «Զուարթնոց» օդակայանէն ռուս սահմանապահները դուրս բերելը:
«Այդ մէկը իսկապէս կարեւոր է շարք մը պատճառներով: Նախ, անոնք կը վերահսկեն միջազգային օդակայանին, եւ ինքնին հոն տեղի կ՛ունենայ պատժամիջոցներու շրջանցման մէկ մասը», ըսաւ Օ՛պրայըն:
Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ռազմական ներկայութիւն ունեցող միւս երկրին` Ատրպէյճանին անդրադառնալով` Օ՛պրայըն նախ յայտարարեց, որ թէ՛ Ատրպէյճան, թէ՛ Հայաստան իրարու տարածքներէն հատուածներ բռնագրաւած են` առանց մանրամասնութիւններ տալու, ապա ան ընդգծեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան անհրաժեշտութիւնը` հաւաստիացնելով, որ այդ առումով Ուաշինկթըն կը շարունակէ աջակցիլ կողմերուն:
Շաբաթներ առաջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելած Օ՛պրայըն պնդեց, թէ Երեւան եւ Պաքու քիչ մը հիասթափած են կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ ներգրաւուածութենէն: Ըստ անոր՝ Մոսկուա չի փափաքիր, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութիւն կնքեն, կամ կը փորձէ համոզուիլ, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ իր պայմաններով: Իսկ հակառակ պարագային, եթէ Երեւան եւ Պաքու վերջապէս խաղաղութեան հասնին առանց Ռուսիոյ մասնակցութեան եւ ներգրաւուածութեան` ոչ Մոսկուայի պայմաններով, ըստ Օ՛պրայընի, պիտի բացուի երթուղի մը, որ պիտի նուազեցնէ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու կախուածութիւնը Ռուսիայէն ու Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ նոր դռներ պիտի բանայ դէպի համաշխարհային շուկաներ:
«Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները անհաւանական հարուստ են, եւ հիմա իսկ համաշխարհային շուկաներ դուրս գալու անոնց միակ տարբերակը, ըստ էութեան, Ռուսիոյ կամ Չինաստանի միջոցով է: Եթէ մենք կարենանք բանալ երթուղի մը, որ պիտի անցնի Հայաստանով եւ Ատրպէյճանով,անոնք շատ աւելի քիչ կախեալ պիտի ըլլան Ռուսիայէն ու Չինաստանէն եւ աւելի մեծ հասանելիութիւն պիտի ունենան դէպի համաշխարհային շուկաներ», շեշտեց Օ՛պրայըն։