ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի Տնտեսական միացեալ յանձնախումբին դեմոկրատ անդամներուն պատրաստած տեղեկագիրը հասած է այն եզրակացութեան, որ Իրաքի ու Աֆղանիստանի պատերազմները 1600 միլիառ տոլար արժած են Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան, ինչ որ կառավարութեան յայտարարած տուեալներուն գրեթէ կրկնապատիկն է: Միայն Իրաքի պարագային, այդ ծախսերը 1300 միլիառ տոլար են:
Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 13ին հրապարակուած տեղեկագիրը նկատի առած է նաեւ «պահուըտած ծախսերը», ինչպէս պատերազմներուն համար փոխ առնուած գումարներուն տոկոսներուն վճարումները, առողջապահական ծախսերը եւ պատերազմին պատճառով քարիւղի գինին աճը:
Ըստ նախատեսութեանց, 2003էն 2017ի միջեւ այս պատերազմներուն ծախսերը կրնան 3500 միլիառ տոլարի հասնիլ:
Յատկանշական է, որ միայն քարիւղի գինին աճը պատճառ դարձած է, որ ամերիկացիները 124 միլիառ տոլար յաւելեալ գումար մը «նուիրեն» քարիւղի օտար ընկերութեանց:
Այս հսկայ ծասերը պատճառ դարձած են, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային պարտքը նոր մրցանիշ մը հաստատէ, առաջին անգամ ըլլալով ճեղքելով 9000 միլիառ տոլարի պատը: