Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ իրենց ծառայութիւնը աւարտելէ ետք, ռուս սահմանապահները իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններուն վրայ։ «Ազատութեան» գրաւոր հարցումին իբրեւ պատասխան՝ այս մասին յայտնեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութենը (ԱԱԾ):
«Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կնքուած 1992 թուականի պայմանագրի համաձայն` Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱԴԾ սահմանապահ վարչութեան զինծառայողները պետական սահմանի պահպանութիւն իրականացնում են Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան պետական սահմանի տեղամասերում», յայտնեց ԱԱԾն: