
ԱՅԼ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ԵՒՍ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ
Փարիզի 2024ի Ողիմպիական 33րդ խաղերու մրցումները շարունակուեցան 7 Օգոստոսին, եւ ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալակիր մարզիկ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան դարձաւ կրնակի արծաթ մետալակիր: Ան հասաւ 97 քկ. ծանրութեան մրցումներու աւարտականին եւ մրցեցաւ իրանցի Մոհամմէտ Հատի Սարավիի դէմ, սակայն չկրցաւ ոսկի մետալը ապահովել։
Ողիմպիական խաղերու աշխարհի քառակի, Եւրոպայի եօթակի ախոյեան, գիւմրեցի Ալեքսանեան, ըստ հայկական լրատուամիջոցներուն, նախորդ երկու գօտեմարտերուն հսկայական ներուժ վատնած էր, առ այդ, ամենայն հաւանականութեամբ չհասաւ բոլորովին վերականգնիլ, ինչ որ ազդեց մրցումի արդիւնքին վրայ։



Ըմբշամարտի 77 քկ. կշիռքի մրցումներուն պրոնզ մետալի համար մրցումին Հայաստանի ներկայացուցիչ Մալխաս Ամոյեան յաղթեց Իւզպեքիստանը ներկայացնող Արամ Վարդանեանին՝ 6։5 արդիւնքով։
Հայաստանի հաւաքականի անդամ Սլաւիկ Գալստեան 67 քկ. կշիռի կիսաւարտական մրցումին մրցեցաւ իրանցի Իսմայիլի Լեվեսիի դէմ՝ պարտուելով 10։4 արդիւնքով։ Ան 8 Օգոստոսին պիտի մրցի պրոնզ մետալին համար։
Աթլէթ Երուանդ Մկրտչեան մասնակցեցաւ 800 մեթր վազքի որակաւորման մրցաշարքին՝ նշեալ տարածութիւնը յաղթահարելով 1:49.91 արդիւնքով, ինչ որ Հայաստանի համար մրցանշային է։
Ընդհանուր պայքարին մէջ Մկրտչեան 51րդ դիրքին վրայ է։